Ըստ Մամետեարովի՝ Հայաստան Մերժած Է Դիրքորոշուիլ Մատրիտեան Նոր Սկզբունքներուն Նկատմամբ

By BAKU - APA | Thursday, 24 June 2010

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Չորեքշաբթի, Յունիս 23ին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ <<Պաքու ռազմական հռետորաբանութենէն պիտի հրաժարի միայն այն ատեն, երբ հայերը հեռանան ատրպեճանական հողերէն>>։


<<Ես կը հաւատամ, որ եթէ Հայաստանը գործընթացին վերաբերի առանց ջղագրգիռ հռետորութեան, այլ հարցին մօտենայ ամենայն լրջութեամբ, ապա հակամարտութիւնը կը լուծուի>>, ըսաւ ան։
<<Ս. Փեթերզպուրկի մէջ Հայաստան Մատրիրտեան նոր սկզբունքներուն ոչ <<այո>> ըսաւ, ոչ ալ՝ <<ո>>չ, եւ ատիկա ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցով խաղաղ բանակցութիւնները շարունակելու համար կը ստեղծէ մեծ դժուարութիւններ>>, յայտնեց Մամետեարով։


Ըստ անոր, Հայաստանը մէկ կողմէ կ՛ըսէ, որ պատրաստ է շարունակելու աշխատանքը՝ Մատրիտեան սկզբունքներու հիման վրայ, իսկ միւս կողմէ՝ նոր փաստաթուղթի որոշ կէտերուն չի համաձայնիր։ <<Հայաստանը ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կ՛անուանէ սառեցուած, սակայն մենք համաձայն չենք նման ձեւակերպման հետ, որովհետեւ տակաւին զօրքերու շփման գիծին վրայ տեղի կ՛ունենան բախումներ, որոնք մարդկային զոհեր կը պատճառեն>>, ըսաւ Մամետեարով։


Իր կարգին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Չորեքշաբթի օր դարձեալ յայտարարեց, թէ Ատրպէյճան պիտի վերահաստատէ իր հողային ամբողջականութիւնը, Իսլամական զարգացման դրամատան ժողովին ընթացքին, որ տեղի կ՛ունենար Պաքուի մէջ:

comments