Չաւուշօղլու Դարձեալ Իր Դիրքը Կը Շահագործէ

By Zaman | Thursday, 24 June 2010

Թրքական <<Զաման>> օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Երեքշաբթի, Յունիս 22ին, Եւրոպական խորհուրդի շէնքին մէջ բացուած է <<Ատրպեճանական մշակութային ժառանգութիւն>> խորագիրով ցուցահանդէսը։

Ատրպէյճանի մաքսային ծառայութեան կազմակերպած ցուցահանդէսին բացումը կատարած է Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի թուրք նախագահ Մեւլուտ Չաւուշօղլուն։

Ատրպէյճանի մաքսային ծառայութեան պետ Այտըն Ալիեւի համաձայն, ցուցահանդէսին նպատակն է միջազգային հանրութեան ներկայացնել ոչ միայն Ատրպէյճանի մշակութային ժառանգութիւնը, այլ նաեւ՝ <<հայկական բռնագրաւման տակ գտնուող տարածաշրջանին մէջ՝ ատրպեճանական մշակոյթին դէմ ոտնձգութիւնները>>։

comments