Ուաշինկթըն Պիտի Նպաստէ Անիի Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ Պահպանման

By ANKARA | Thursday, 24 June 2010

<<Ամերիկայի ձայն>> ձայնասփիւռի կայանի թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը որոշած է նիւթական օժանդակութիւն ցուցաբերել Անիի աւերակներուն մէջ գտնուող Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ աւերակներուն պահպանման։


Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի կողմէն 2000ին հիմնադրուած եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կից գործող Մշակութային արժէքներու պահպանութեան դեսպաններու հիմնադրամը հրապարակած է այն ծրագիրներուն ցանկը, որոնց պիտի ցուցաբերուի նիւթական օժանդակութիւն 2010ին։ Այդ ցանկին մէջ ներառնուած է նաեւ Անիի Ս. Փրկիչ եկեղեցին։ Հիմնադրամը որոշած է հայկական եկեղեցւոյ վերանորոգման համար տրամադրել 625 հազար ամերիկեան տոլար։


1036ին կառուցուած Անիի Ս. Փրկիչ եկեղեցին 1996էն ի վեր ընդգրկուած է <<Եունեսքօ>>ի ժառանգութեան ցուցակին մէջ։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement