Հայ Գործիչ Մը Կը Ձերբակալուի Ախալքալաքի Մէջ

By Asbarez | Monday, 25 June 2012

 

ԵՐՒԱՆ, «Հետք».- Երկուշաբթի, Յունիս 25ին ձերբակալուած է Ախալքալաքի բնակիչ Գէորգի Մխչեան, փաստաթուղթեր կեղծելու ամբաստանութեամբ: Ան կրնայ 4-7 տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ: Կը հետապնդուի նաեւ նախկին երեսփոխան Մելիք Ռաիսեանը, «խարդախութեան» ամբաստանութեամբ:

Կը պնդուի, թէ վրացական իշխանութիւնները քաղաքական դրդապատճառներով զանոնք կը հետապնդեն, որովհետեւ անոնք անդամակցած են ընդդիմադիր «Վրացական երազանք» կուսակցութեան:

comments