Ըստ Հայաստանի Նախագահին՝ Արդէն Կ՛ուրուագծուին Հակահայ Նոր Գաղափարախօսութեան Բանաձեւերը

By BERLIN | Thursday, 24 June 2010

Պաշտօնական այցով Գերմանիոյ հանրապետութիւն մեկնած Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Յունիս 22ին հանդիպում մը ունեցած է տեղի հայ համայնքին հետ: Նախագահը, ելոյթ ունենալով համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին՝ անդրադարձած է հայ-ատրպեճանական յարաբերութիւններուն:

Նախագահ Սարգսեան յայտնած է, թէ հայրենիքը մեծ պատասխանատուութիւն ունի Սփիւռքի յարատեւման գործին մէջ: <<Մենք պէտք է բազմապատկենք մեր ջանքերն այդ ուղղութեամբ>>, նշած է Ս. Սարգսեան, այնուհետեւ պատասխանած է ներկաներու հարցերուն, որոնք մեծ մասամբ կը վերաբերէին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման փորձին եւ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին:


Նախագահ Սարգսեան, յատկապէս ըսած է. <<Հայի եւ հայկականութեան բոլոր դրսեւորումների նկատմամբ այսօր Ատրպէյճանի հասարակութեան մէջ տեսնում ենք անհանդուրժողականութեան հսկայական ալիք: Ատրպեճանական լրատուամիջոցները փորփրում են Եւրոպայի, Ռուսաստանի եւ Ամերիկայի պաշտօնեաների ծագումնաբանութիւնը՝ ստուգելու՝ արդեօ՞ք նրանց նախնիների մէջ չկայ հայկական արիւն: Արդէն ուրուագծւում են հակահայ նոր գաղափարախօսութեան բանաձեւերը, ըստ որոնց, ամէն ինչում հայերն են մեղաւոր: Սկզբում ոչ մի հայ, բնականաբար, լուրջ չէր վերաբերւում այս ամէնին՝ վստահ լինելով, որ ստի ոտքերը կարճ են, բայց այդ սուտն այսօր հասնում է ահագնացող չափերի եւ ֆինանսաւորւում է միլիոնաւոր տոլարներով: Այս հակահայ եւ հակամարդկային այլանդակութիւններին հակազդելը, արժանի հակահարուած հասցնելը ժամանակակից հայութեան եւ մասնաւորապէս՝ եւրոպահայութեան, կարեւոր մարտահրաւէրներից է>>:


Պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս, նախագահ Սարգսեան հանդիպած է Գերմանիոյ վարչապետ Անճելա Մերքելի հետ, քննարկելով երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման, ինչպէս նաեւ համագործակցութեան բազմակողմանի ձեւաչափերու հնարաւորութիւններ իւրացնելու միտող հարցեր:


Հայաստանի նախագահը նշած է, որ բարձր մակարդակի երկկողմանի հանդիպումները կ՛օգնեն քաղաքական երկխօսութեան ընթացքին եւ հնարաւորութիւն կ՛ընձեռեն Գերմանիոյ հետ համագործակցութիւնը խորացնելու՝ բոլոր ոլորտներուն մէջ: Նախագահ Սարգսեան յայտնած է նաեւ, որ հայ-գերմանական համագործակցութիւնը Հայաստանի կողմէ կը դիտարկուի նաեւ իբրեւ կարեւոր բաղադրիչ՝ Եւրոպա մուտք գործելու գործընթացին մէջ:
Կողմերը անդրադարձած են առեւտրա-տնտեսական կապերու զարգացման՝ նշելով, որ Հայաստանի մէջ գերմանական շուրջ 80 ընկերութիւններու առկայութիւնը լաւ հիմք է ներդրումային ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը ընդլայնելու համար:


Խօսուած է նաեւ Գերմանիոյ կառավարութեան կողմէ Հայաստանի յատկացուող նիւթական եւ արուեստագիտական աջակցութեան մասին: Հայաստանի նախագահը նշած է, որ Հայաստանի հետ համագործակցող նուիրատու երկիրներու շարքին, աջակցութեան ծրագիրներու ծաւալով՝ Գերմանիան երկրորդն է:
Կողմերը նաեւ քննարկած են հարաւկովկասեան տարածաշրջանի խնդիրները։


Սերժ Սարգսեան ողջունած է Գերմանիոյ հաւասարակշիռ քաղաքականութիւնը՝ տարածաշրջանին վերաբերեալ: Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին՝ նախագահ Սարգսեան մտահոգիչ համարած է այն իրողութիւնը, զոր Ատրպէյճան անընդհատ կը բարձրաձայնէ՝ հիմնահարցը ռազմական ճանապարհով լուծելու անթաքոյց նկրտումներու մասին, այդպիսով վտանգելով ոչ միայն հայ-ատրպեճանական բանակցութիւնները, այլեւ տարածաշրջանային կայունութիւնը՝ ընդհանրապէս:


Խօսելով Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու մասին՝ Հայաստանի նախագահը ափսոսանք յայտնած է, որ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ Եւրոպայի մէջ վերջին փակ սահմանի բացման ուղղուած Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան ջանքերը մնացին ապարդիւն, Թուրքիոյ կողմէ գործընթացը այլ նպատակներով օգտագործուելու եւ համաձայնուած սկզբունքներէն հրաժարելուն պատճառով:
Կողմերը շեշտած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ առանց նախապայմաններու առաջ շարժելու, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին մէջ՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրէն ներս ընթացող բանակցութիւններու միջոցով հակամարտութեան խաղաղ լուծման հասնելու անհրաժեշտութիւնը:


Հանդիպման աւարտին նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ վարչապետ Անճելա Մերքել ունեցած են մամլոյ կարճատեւ ասուլիս մը, որուն ընթացքին Հայաստանի նախագահը յայտարարած է, թէ Թուրքիոյ ներկայ քաղաքականութիւնը Հայաստանին որեւէ լաւատեսութիւն չի հաղորդեր՝ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ:
<<Տեսանք, որ նոյնիսկ ստորագրուած արձանագրութիւնները չեն վաւերացւում թուրքական խորհրդարանի կողմից: Ուստի կասեցրինք վաւերացման գործընթացը>>, ըսած է Ս. Սարգսեան։

 

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement