Աւստրիոյ Նախագահը Հաստատեց Ղարաբաղեան Հարցը Խաղաղութեամբ Լուծելու Անհրաժեշտութիւնը

By Asbarez | Tuesday, 26 June 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յունիս 25ի երեկոյեան եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանած Աւստրիոյ նախագահ Հայնց Ֆիշըր Յունիս 26ին պաշտօնապէս դիմաւորուած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Նախագահները նախ առանձնազրոյց ունեցած են, ապա երկու երկիրներու պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ կայացած են տարբեր բնագաւառներու վերաբերող քննարկումներ։ Երկու երկիրներու կառավարութիւններուն միջեւ համաձայնագիրներ կնքուած են։

Ողջունելով երկու պետութիւններուն միջեւ առկայ 20 տարուան յարաբերութիւններու պատմութեան ընթացքին Աւստրիոյ նախագահի մը կողմէ Հայաստան տրուած անդրանիկ այցելութիւնը՝ նախագահ Սարգսեան հաստատած է, որ անիկա խթան պիտի հանդիսանայ երկկողմանի կապերու ամրապնդման եւ խորացման։ Ան հաստատած է, որ երկու երկիրները ունին բարեկամութեան դարաւոր անցեալ, ինչպէս նաեւ վերջին երկու տասնամեակին այդ յարաբերութիւնները դրական եւ գործնական զարգացում ապրած են՝ տարբեր բնագաւառներու մէջ ու մակարդակներու վրայ։ Իր խօսքին մէջ նախագահը փոխանցած է, որ քննարկումի նիւթ եղած են Եւրոպական Միութեան շրջանակներուն մէջ համագործակցութեան կարելիութիւնները, Արցախեան հիմնախնդիրի կարգաւորման ներկայ հանգրուանն ու այս առնչութեամբ Աւստրիոյ ունեցած դրական ներդրումն ու տարածաշրջանային հակամարտութիւնները խաղաղութեամբ լուծելու անոր կեցուածքը։

Ապա Հայաստանի եւ Աւստրիոյ նախագահները տուած են միացեալ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին Աւստրիոյ նախագահը շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար՝ յայտնած է. «Առաջին անգամ ըլլալով պետութիւններու նախագահներու մակարդակով կ՛արծարծուին եւ կ՛ամրագրուին շարք մը խնդիրներ։ Մեր նպատակն է, որ մեր պետութիւնները աւելի մօտենան իրարու, փոխըմբռնման մթնոլորտ տիրէ եւ համագործակցութիւն ապահովուի տարբեր բնագաւառներու մէջ»։

Ղարաբաղեան հակամարտութեան գծով նախագահ Ֆիշըր պաշտպանած է այն սկզբունքը, որ բազմահազար մարդոց ճակատագիրին վերաբերող այս հակամարտութիւնը պէտք է լուծել առանց բռնութեան եւ ուժի։ Ան նշած է, որ ինք լաւատեղեակ է այս հարցին ծալքերուն՝ աւելցնելով, թէ պէտք է մեծ համբերութիւն ունենալ լուծման մը յանգելու համար։

«Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ձեւաւորուած իրավիճակը շարունակում է մարտահրաւէր հանդիսանալ ինչպես տարածաշրջանի, այնպէս էլ Եւրոպայի անվտանգութեան: Հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորմանը՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի շրջանակում այլընտրանք չկայ», հաստատած է նախագահ Սարգսեան՝ պատասխանելով աւստրիացի լրագրողին այն հարցումին, թէ որո՞նք են այն մեծ խոչընդոտները, որոնք կը խանգարեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը։ Ան դիտել տուած է, որ ցաւ ի սիրտ վերջին տարուան ընթացքին Ատրպէյճանի որդեգրած քաղաքականութիւնը, ռազմատենչ յայտարարութիւնները լարուածութիւն ստեղծած են հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ՝ պատճառ ըլլալով զոհերու արձանագրութեան։

Նախագահ Սարգսեան շեշտած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը պէտք է կարգաւորուի Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրով ամրագրուած սկզբունքներու հիման վրայ՝ առանց ուժի եւ սպառնալիքի գործածութեան, ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի եւ պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան պահպանումով. «Մենք պատրաստ ենք այս սկզբունքների հիման վրայ շարժուել առաջ եւ ինչքան շուտ կարգաւորուի հարցը, այնքան մենք ուրախ կը լինենք. խնդրի շուտափոյթ կարգաւորումը բխում է Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդների շահերից»։

Նախագահ Սարգսեան աւելցուցած է, որ վերջին ամիսներուն ընթացքին արձանագրուած զարգացումները նաեւ միջազգային հանրութեան համար պարզ դարձուցած են, որ Ատրպէյճան միայն խօսքով համաձայն է այս երեք սկզբունքներուն, մինչդեռ ինք կառչած է միայն մէկ սկզբունքի՝ տարածքային ամբողջականութեան, բացառելով ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքն ու խաղաղ կարգաւորման սկզբունքը։ «Երբ կողմերն իրականում կարողանան ընդունել այդ բոլոր երեք սկզբունքները, այդ ժամանակ էլ հակամարտութիւնը կը կարգաւորուի», դիտել տուած է Հայաստանի նախագահը։

comments

Advertisement