Ատրպէյճան Կը Գնդակոծէ Ղարաբաղեան Դիրքապահներու Յենակէտներ

By Նիուզ | Monday, 05 July 2010

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Նիուզ>>.- Ըստ ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան, Յունիս 28ի գիշերը եւ 29ի ամբողջ օրուան ընթացքին, ղարաբաղա-ատրպեճանական զօրքերու շփման գօտիի շարք մը հատուածներուն մէջ արձանագրուած են հրադադարի խախտումներ:

Հակառակորդը տարբեր հրաձգային զէնքերով գնդակոծած է Հորադիզի, Լեալա-Իլագլիի, Քարուենդի, Կորգանի, Աշաղը Վէյսալիի, Չէյիլ լեռի, Եուսուֆճանլուի, Մարզիլիի, Քենգերլիի, Սարըճանլուի, Բաշ Քարուենդի, Շխլարի, Լեւոնարխի, æրաբերդի, Նամիրլիի, Եարմջայի եւ Թալիշի ուղղութեամբ տեղակայուած ղարաբաղեան դիրքապահներուն յենակէտները:

Պաշտպանութեան բանակի առաջապահ ստորաբաժանումներու կողմէ պատասխան գործողութիւններէն ետք հակառակորդը դադրած է:

comments