By Asbarez | Wednesday, 27 June 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Թեր»չ.- Լեռնային Ղարաբաղի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան «Թեր»չի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին դիտել տուած է, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ապակեդրոն քաղաքական կառոյց է, եւ զարմանալի կամ անսովոր ոչինչ կայ այն երեւոյթին մէջ, թէ Հայաստանի մէջ անիկա ընդդիմադիր ըլլայ, իսկ եւ ԼՂՀի մէջ ոչ միայն պաշտպանէ գործող նախագահը, այլեւ չըլլայ ընդդիմութիւն եւ հակառակը: Ան աւելցուցած է, որ նման օրինակներ բազմաթիւ են:
«90ականներին եղել են նման դէպքեր, երբ Հայաստանում Դաշնակցութիւնը կասեցուած էր Արցախում Դաշնակցութիւնը բացայայտ գործում էր, եւ դրան յաջորդած ժամանակաշրջանում՝ 2004-2005 թթ., Արցախում ՀՅԴն ընդդիմութիւն էր, իսկ Հայաստանում իշխանութեան մաս էր կազմում՝ լինելով քաղաքական քոալիցիայի մաս», նշած է Դաւիթ Իշխանեան։ Ան ընդգծած է, որ անկախ այն հարցէն, թէ Հայաստանի մէջ Դաշնակցութիւնը ընդդիմութիւն է, թէ իշխանութիւն, Ղարաբաղի մէջ ՀՅԴն միշտ ունեցած է իր դիրքրորոշումը:
Անոր համաձայն, ներկայ դրութեամբ Արցախի ՀՅԴ կառոյցը ընդդիմութիւն ըլլալու նախադրեալներ չունի:
Յիշեցնենք, որ ՀՅԴն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ 19 Յուլիսին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններու առաջադրուած չորս թեկնածուներէն կը զօրակցի գործող նախագահ Բակօ Սահակեանին։
Մինչ այդ, մամուլին մէջ տեղեկութիւն շրջան կ՛ընէի, ինչպէս նաեւ Դիմատետրի վրայ քննարկումներ կը կատարուէին այն մասին, որ Արցախի դաշնակցականները սկսած էն լքել կուսակցութեան շարքերը, քանի որ իրենց կամքին հակառակ՝ հայաստանեան Դաշնակցութիւնը կը պարտադրէ յառաջիկայ ԼՂՀ նախագահական ընտրութիւններուն պաշտպանել ո՛չ թէ ընդդիմադիր Վիտալի Բալասանեանի թեկնածութիւնը, այլ ԼՂՀ ներկայ նախագահ Բակօ Սահակեանը:
Ի պատասխան, ՀՅԴ տեղւոյն կառոյցի ղեկավարը՝ նշեց , որ վերջին շրջանին ոեւէ մէկը Դաշակցութենէն հեռանալու դիմում չէ ներկայացուցած, ոչ ալ ԼՂՀ դաշնակցականներէն ոեւէ մէկը որեւէ առիթով հեռացուած է, ապատեղեկատուութիւն եւ սադրանք համարեց նման լուրերը:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ Բակօ Սահակեանին զօրակցելու որոշումը հայաստանեան կառոյցի ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի՞, թէ՞ Արցախի տեղական կառոյցին կողմէ տրուած որոշում է՝ Դաւիթ Իշխանեան ըսաւ, որ որոշումը տրուած է համադրաբար։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ