Գիւմրիի Մէջ Բազմաթիւ Փախստականներ Տակաւին Տնակներու Մէջ Կ՛ապրին

By Asbarez | Tuesday, 03 July 2012

ԳԻՒՄՐԻ, «Նիուզ».- Ատրպէյճանէն Գիւմրի գաղթած տասնեակ գաղթական ընտանիքներ մինչ օրս կը շարունակեն բնակիլ ժամանակաւոր կացարաններու մէջ:

1988ին՝ Սումկայիթի ջարդերէն անմիջապէս ետք Գիւմրի եկած Պաղտասարեաններու ընտանիքի կրտսեր որդին՝ Յովհաննէսը, 2001ին ամուսնացած է. 2005ին գաղթականներուն համար կառուցուած «Նորվեկիական» թաղամասին մէջ իր հօրենական ընտանիքին յատկացուած է երկու սենեակէ բաղկացած բնակարան։  Հազարաւոր գիւմրեցի բնակարան ստացած այլ անօթեւան ընտանիքներու նման, Յովհաննէսի ծնողներն ու եղբայրը տեղափոխուած են նոր տան մէջ, իսկ ան իր կնոջ ու երեք մանկահասակ դուստրերուն հետ մինչեւ օրս կը շարունակէ ապրիլ խոնաւ եւ շատոնց բնակարան ըլլալու պայմաններէ զուրկ, նախկին «Բարեկամութեան այգի»ին մէջ գտնուող տնակի մը մէջ։

Յովհաննէս Պաղտասարեանի համաձայն, թէեւ իրենք ընկերային նոյնանման կարգավիճակ ունեցող 16 այլ ընտանիքներու հետ իրենց անունը արձանագրած են բնակարանային խնդիրներ ունեցողներու ցանկին վրայ, սակայն տակաւին բնակարանի շինութիւն չի կատարուիր, ուստի յայտնի չէ, թէ իրենք երբ բնական պայմաններ ունեցող տուն կ՛ունենան։

Նախորդող օրերուն ընկերային պայմաններուն ծանօթանալու, ինչպէս նաեւ ամերիկահայ բարերար Էլուիս Մադաթեանի կողմէ ուղարկուած հագուստեղէն տրամադրելու նպատակով «Շիրակ կեդրոն»ի աշխատակիցները այցելած են այս ընտանիքին:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement