Հայաստանի Արտաքին Պարտքը Աւելցած Է 226.49 Միլիոն Տոլարով

By Asbarez | Friday, 06 July 2012

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի համախառն արտաքին պարտքը 2012 Մարտի դրութեամբ կազմած է 7344.60 միլիոն տոլար, որ նախորդ տարուան Դեկտեմբերին հետ բաղդատելով նուազած է 48.97 միլիոն տոլարով: Համախառն արտաքին պարտքին 41.07 տոկոսը գոյացել է պետական կառավարման համակարգին մէջ, 15.52 տոկոսը՝ սեփական հատուածին, 10.48 տոկոսը՝ դրամավարկային կարգաւորման մարմիններուն, 20.48 տոկոսը՝ առեւտրական դրամատուներուն, իսկ 12.45 տոկոսը տնտեսութեան տարբեր հատուածներու կազմակերպութիւններուն կողմէ ստացուած օտար երկիրներէ ուղղակի ներդրումներն են՝ վարկերու տեսքով:

Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն համաձայն, Մարտ 2012ի դրութեամբ Հայաստանի համախառն արտաքին պարտքերը կազմած են 4539.00 միլիոն տոլար, իսկ այս տարուան առաջին երեք ամիսներուն ընթացքին անոնք նուազած են 275.46 միլիոն տոլարով:

Այս կը նշանակէ, որ Հայաստանի արտաքին զուտ պարտքը 2012ի  առաջին եռամսեակին աւելցած է 226.49 միլիոն տոլարով՝ կազմելով 2805.60 միլիոն տոլար:

comments

Advertisement