Ատրպէյճան Կը Համաձայնի Ընդունիլ Տարածքներ՝ Զորս Իրեն Յանձնող Չկայ

By Asbarez | Sunday, 18 July 2010

ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Հինգշաբթի, Յուլիս 15ին յայտարարեց, որ Ատրպէյճան համաձայն է ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներու այն առաջարկին, թէ Հայաստանի հակակշռին տակ գտնուող Քելբաջարն ու Լաչինը հինգ տարիէն պէտք է Ատրպէյճանի վերադարձուին:

Ըստ նախարարին, Հայաստանը Ռոպերթ Քոչարեանի նախագահութեան շրջանին կ՛առաջարկէր տուեալ շրջանները 10 տարիներու ընթացքին վերադարձնել, իսկ Պաքուն կը պնդէր, որ անոնք վերադարձուին մէկ տարուան ընթացքին։

«Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան օրօք բանակցութիւններու սկզբնական շրջանին, Երեւանը այդ ժամկէտը կրճատեց՝ հասցնելով եօթի, իսկ Ատրպէյճանը կ՛առաջարկէր Քելբաջարի եւ Լաչինի շրջաններէն հայկական զօրքերու դուրսբերումը՝ երեք տարուան ընթացքին», ըսած է ան:

Ըստ Մամետեարովի, ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահները կ՛առաջարկեն այդ երկու շրջաններու վերադարձը հնգամեայ ժամանակամիջոցի մէջ, եւ Ատրպէյճան իր համաձայնութիւնը յայտնած է այս առնչութեամբ։ Ան նշած է, որ Ս. Փեթերզպուրկի մէջ կայացած Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներու հանդիպման, Ռուսիան կատարած է հակամարտութեան լուծման շարք մը առաջարկներ, որոնց շարքին՝ Քելբաջարի եւ Լաչինի շրջաններու վերադարձի հարցը։

Ըստ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Էդվարդ Նալբանդեանին, Մամետեարովի այս յայտարարութիւնը «բացայայտ սուտ է»: Ազերի նախարարը արդէն քանիերորդ անգամ կը յայտարարէ, որ իբրեւ թէ Ալմաթայի մէջ Նալբանդեանի հետ իր հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկուին Լաչինի եւ Քելբաջարի շրջանները Ատրպէյճանին յանձնելու հարցը: Նալբանդեան ընդգծած է, որ հայկական կողմը երբեք չէ քննարկած Ատրպէյճանի վարչական հսկողութեան տակ Լաչինի եւ Քելբաջարի շրջաններու փոխանցման հարցը:

«Այդ հարցը չի քննարկուել նաեւ նախագահների սանկտպետերբուրգեան հանդիպման ընթացքում», յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը:

comments