Տոլմայի Փառատօնին Պիտի Ընտրուի Լաւագոյն Տոլմա Պատրաստողը

By Asbarez | Monday, 09 July 2012

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Տոլմայի տարեկան փառատօնին պիտի ընտրուի լաւագոյն տոլմա պատրաստողը, եւ պիտի պարգեւատրուին «Լաւագոյն համուհոտ» եւ «Լաւագոյն մտայղացում» մրցումներուն յաղթողները: «Ոսկէ Ծիրան» միջազգային շարժապատկերի փառատօնին զուգահեռ, «Հայ խոհարարական աւանդոյթներու զարգացման ու պահպանման» կազմակերպութիւնը 22 Յուլիսին երկրորդ անգամ ըլլալով պիտի կայացնէ տոլմայի համահայկական մրցում-փառատօն:

Մրցումի կազմակերպիչ, «Հայ խոհարարական աւանդոյթներու զարգացման ու պահպանման» կազմակերպութեան քարտուղար Վահէ Անթանեսեան տեղեկացուց, որ մրցումը ծրագրաւորուած կերպով կը կայացուի «Ոսկէ Ծիրան»ին զուգահեռ, քանի որ շարժապատկերի փառատօնին հրաւիրուած օտար հիւրերը պիտի հրաւիրուին նաեւ տոլմայի փառատօնին։

Տոլմայի փառատօնի բացումը տեղի պիտի ունենայ Սարդարապատի մէջ եւ անոր զուգահեռ տեղի պիտի ունենան ազգային երգ-երաժշտութեան մեկնաբանութիւններ:

Կազմակերպիչներուն համաձայն, մրցումի կայացման վայրի ընտրութիւնը պատահականութեան արդիւնք չէ, այլ նպատակ կը հետապնդէ, քանի որ Արարատեան դաշտավայրը տոլմայի պատրաստութեան կարեւոր բաղադրիչներէն խաղողի հայրենիքն է:

Վաստակաւոր դերասան Ռաֆայէլ Քոթանջեան, որ փառատօնի մրցումներու յանձնաժողովի նախագահն է, տեղեկացուց, որ տոլմայի փառատօնի նպատակը ազգային ուտեստեղէններու եւ կերակրատեսակներու տարածումն է: «Նախորդ տարի 22 տաղաւարներում ներկայացուած էին տոլմայի 70ից աւելի տարատեսակներ՝ պատրաստուած տարբեր բաղադրատոմսերով: Այս տարի եւս 20 ուտեստներ կ՛աւելանան՝ պատրաստուած նոր բաղադրատոմսերով», ըսաւ ան։

Վահէ Անթանեսեան նշեց, որ տաղաւարներուն մէջ պիտի տեղադրուին պատրաստ ուտելիքներ՝ համտեսելու համար, իսկ տեղւոյն վրայ պիտի պատրաստուին նորերը, որպէսզի մրցումի դատական կազմին ներկայացուին։

comments