Ըստ Ֆրանսացի Նախարարին՝ Թուրքիա Պէտք Չէ Հայաստանը Մեկուսացնէ

By Asbarez | Sunday, 18 July 2010

ՊՐԻՒՔՍԵԼ.- Եւրոպական հարցերով Ֆրանսայի պետական նախարար Փիեռ Լըլուշ «Եուրօնիուզ»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացումը Թուրքիոյ համար օգտակար պիտի ըլլայ։ Ֆրանսացի նախարարը խօսած է հայ-թրքական, ռուս-ամերիկեան, ռուս-վրացական յարաբերութիւններուն, Լեռնային Ղարաբաղի հարցին եւ այլ հարցերու մասին։

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ֆրանսա, իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահող երկիր, յոյս ունի, որ իր, Ռուսիոյ ու Միացեալ Նահանգներու ջանքերով կարելի պիտի ըլլայ կարգաւորել տարիներ շարունակ անլոյծ մնացող Արցախի տագնապը՝ Լըլուշ յայտարարած է. «Ձգձգման հիմնական պատճառը ներքաղաքական խնդիրներն են: Մենք աջակցեցանք Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի ֆութպոլային դիւանագիտութեան՝ Հայաստանի հետ։

Կողմերը նոյնիսկ ստորագրեցին համաձայնագիր, որ ցաւօք՝ կեանքի չկոչուեցաւ։ Շատ կ՛ուզենք, որ այդ երկիրները խնդիրի կարգաւորման հասնին երկխօսութեան ճամբով։ Նոյնը կարելի է ըսել նաեւ տնտեսական մեծ ներուժ ունեցող Ատրպէյճանի համար։ Անոնք պէտք է ընդունին, որ կան փախստականներ եւ խնդիրին լուծում գտնեն»։

Իսկ այն հարցումին, թէ՝ «Ձեր կարծիքով Թուրքիոյ նախաձեռնութիւնները կրնա՞ն նպաստել խնդիրի կարգաւորման», ֆրանսացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը ըսած է. «Երկար ժամանակ է, ինչ թուրքերուն խորհուրդ կու տամ բանալ Հայաստանի հետ ցամաքային սահմանը եւ չմեկուսացնել այդ երկիրը աշխարհէն։ Ինչպէս գիտէք, երկիրներու միջեւ օդային սահմանը բաց է։

Հայաստանի հետ սահմանի բացումը բոլոր առումներով օգտակար պիտի ըլլայ Թուրքիոյ համար։ Յոյսով եմ, որ Թուրքիա կ՛առնէ այդ քայլը։ Բնականաբար, ատիկա անոնց համար շատ դժուար է՝ հաշուի առնելով փաստը, որ Ատրպէյճանի մէջ դեռ փախստականներ կան, եւ հաշուի առնելով Ատրպէյճանի հետ թուրքերու կրօնական եւ ցեղագրական կապերը»։

comments

Advertisement