By Asbarez | Tuesday, 10 July 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Հարսնաքար» ճաշարանային համալիրին մէջ տեղի ունեցած ծեծկռտուքի ատեն Ազգային ժողովի պատգամաւոր Ռուբէն Հայրապետեան հոն չէր։ 10 Յուլիսին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին նշած է Հայաստանի ոստիկանութեան քննչական գլխաւոր վարչութեան կարեւոր գործերու բաժինի պետ Արսէն Այվազեան: «Այդ օրը Հայրապետեանը եղել է Սեւանում, ժամը 19:00ի սահմաններում եկել է համալիր, մօտ կէս ժամ մնացել եւ մեկնել հարեւանութեամբ գտնուող ֆութպոլի ակադեմիա, իսկ դէպքի պահին ռեսթորանում չի եղել: Հայրապետեանը հարցաքննուել է որպէս վկայ, եւ նրա նկատմամբ մեղադրանք չի առաջադրուել», նշած է Այվազեան: Անոր համաձայն, կարելի չէ Հայրապետեանի դէմ մեղադրանք առաջադրել, քանի որ բաւարար ապացոյցներ չկան այն մասին, որ ան մասնակցած է այս յանցագործութեան։ Տուժողները, մեղադրեալները, վկաները Հայրապետեանի մասնակցութեան մասին ոչ մէկ շօշափելի բան ըսած են, եւ ապացոյց չունենալով՝ անոր դէմ ոչ մէկ մեղադրանք կարելի է բարձրացնել։ Տեղի ունեցած միջադէպերուն բոլոր մեղադրեալները ճաշարանի աշխատակիցներ են, եւ հետաքննութենէն բացայայտուած է, որ անվտանգութեան աշխատակիցներէն ոմանք երբեմն կ՛ընկերանան Ռուբէն Հայրապետեանին, սակայն անոր թիկնապահները չեն:
Այվազեան տեղեկացուց, որ նախաքննութիւնը տակաւին կը շարունակուի, եւ կը կատարուին քննչական գործողութիւններ այլ անձերու մասնակցութիւնը բացայայտելու համար:
Անդրադառնալով դատին տարբեր դիտանկիւնէ մօտենալու եւ զայն կրկին հետապնդելու կարելիութեան՝ Այվազեանը նշած է, որ Վահէ Աւետեանի մահուան օրը կատարուած է դատաբժշկական փորձաքննութիւն՝ պարզելու համար ծեծի ենթարկուելուն եւ մահուան միջեւ գոյութիւն ունեցող կապը: Այնքան ատեն որ այս քննութեան եզրակացութիւնը չէ հրապարակուած, այս դատին նոր բնոյթ կարելի չէ տալ։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ