By PanArmenian | Monday, 26 July 2010
ՋԱՒԱԽՔ, <<ՓանԱրմինիըն>>.- Երեւանի մէջ Յուլիս 22ին կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) խորհրդարանական խմբակցութեան անդամ, <<æաւախք>> հայրենակցական միութեան նախագահ Շիրակ Թորոսեան յայտնած է, թէ æաւախքի մէջ Վրաստանի ղեկավարութիւնը կ՛իրագործէ հայաթափման նոր քաղաքականութիւն, որ <<սպիտակ ցեղասպանութիւն է>>:
Ըստ անոր, Թիֆլիսի մէջ արդէն հաստատուած է æաւախքի հայկական դպրոցներու ուսումնական նոր տարուան ծրագիրը, որուն մէջ հայոց լեզուի ու գրականութեան ժամերը կրճատուած են 2 անգամով, եւ իբրեւ հետեւանք, հայոց լեզուի դասաժամերը, խորհրդային շրջանին համեմատ, կրճատուած են 5 անգամով, իսկ յետխորհրդային շրջանին համեմատ՝ 2 անգամով:
Ըստ Թորոսեանի, Վրաստանի իշխանութիւններու առած այս քայլին նպատակն է՝ հայոց լեզուին դուրս մղումը æաւախքէն, ինչ որ ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու կոպիտ խախտում է: <<Վրաստանի ղեկավարութեան հակահայկական քաղաքականութիւնը անցնում է բոլոր սահմանները>>, յայտարարած է պատգամաւորը:
Անոր խօսքով, անընդունելի այլ երեւոյթ է նաեւ Վրաստանի յատուկ ծառայութիւններուն կողմէ կազմուած հայոց լեզուի ու պատմութեան ուսուցիչներուն ցուցակը. ուսուցիչներ անպատճառ կը զրկուին աշխատանքէ: <<Նրանց նոյնիսկ արգելւում է աշխատել մէկ այլ պաշտօնում Վրաստանում>>, ըսած է Թորոսեան՝ աւելցնելով, որ նման գործողութիւնները ուղղուած են ջաւախքահայութեան ազգային նկարագիրի աղճատման: <<Այս պահի դրութեամբ, æաւախքում այնպիսի հետապնդումների համակարգ է ներդրուել, ինչպիսին չկար նոյնիսկ խորհրդային տարիներին՝ Ստալինի օրօք>>, ըսած է ան:
Շիրակ Թորոսեանի հաւաստումով, հայկական կողմը պէտք է վրաց իշխանութիւններուն հետ հանդիպումներու ընթացքին արծարծէ ջաւախքահայութեան խնդիրները: <<Այսինք, դարձնի այդ հարցը երկկողմ օրակարգի հիմնական հարցերից մէկը: Ես յոյսով եմ, որ Վրաստանի իշխանութիւններն, ի վերջոյ, նոյնպէս կը հասկանան, թէ ի՛նչ աղէտալի հետեւանքներ կարող է ունենալ այդ քաղաքականութիւնը Վրաստանի համար>>, յայտնած է Թորոսեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ