Արցախի Քաղաքական Ուժերը Միացեալ Յայտարարութիւն Մը Կը Հրապարակեն

By Asbarez | Monday, 26 July 2010

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Յուլիս 23ին, Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան Ազգային ժողովի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներու՝ պատգամաւորներու, ԱԺ նախագահի տեղակալ Արթուր Թովմասեանի (Ազատ Հայրենիք կուսակցութիւն, <<Հայրենիք>> խմբակցութիւն), ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Վահրամ Աթանէսեանի (Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն, <<Ժողովրդավարութիւն>> խմբակցութիւն) եւ գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան ու մարզական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Սարգսեանի (Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, <<Դաշնակցութիւն>> խմբակցութիւն), միացեալ մամլոյ ասուլիսը՝ Արդարադատութեան միջազգային ատեանի Յուլիս 22ի որոշումին կապակցութեամբ։

Մամլոյ ասուլիսի ընթացին հրապարակուեցաւ ԼՂՀ Ազգայիմ ժողովի քաղաքական ուժերուն միացեալ յայտարարութիւնը՝ Լա Հէյի Միջազգային դատարանի որոշումին առնչութեամբ (Տե՛ս ՕՐԸ ՕՐԻՆ սիւնակը)։

Նշենք, որ ըստ <<Թերթ>> լրատու գործակալութեան հաղորդումին, Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ, երէկ տեղի պիտի ունենար հանրահաւաք՝ Արցախի անկախութեան ճանաչման պահանջքով:

Լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին ԼՂՀ Ազգային ժողովի <<Ժողովրդավարութիւն>> խմբակցութեան պատգամաւոր Վահրամ Աթանէսեան յայտնեց, որ ԼՂՀ ԱԺի քաղաքական ուժերը նախընտրած են հանրահաւաք չկազմակերպել, փոխարէնը՝ հանդէս գալ յայտարարութեամբ:

<<Մեր յայտարարութիւնը սեփական դիրքորոշումն արտայայտելու ձեւերից մէկն է: Այս անգամ նախընտրեցինք այս կերպ արտայայտել մեր դիրքորոշումը>>, յայտնեց Վահրամ Աթանէսեան:

comments