Սերժ Թանքեան Հայաստանի Մէջ

By Asbarez | Monday, 16 August 2010

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւան կատարած իր այցին ընթացքին՝ Սերժ Թանքեան պիտի այցելէ նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, Օգոստոս 12ին լրագրողներու հետ կայացած հանդիպման մը ընթացքին ըսած է ան:

Թանքեան նշած է, իր արուեստը ունի քարոզչական բնոյթ: Ան, սակայն, չէ յստակացուցած, եթէ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած որեւէ նախագիծով կը մտադրէ հանդէս գալ: «Հարիւրամեակը կը նշուի 2015ին, եւ դժուար է հիմա ըսել, թէ ես ինչ կ՛ընեմ այդ ժամանակ», ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ ինք երբեք չի ստեղծագործեր յստակ թեմայի մը շուրջ: «Ես կը ստեղծագործեմ բոլոր այն բաներուն մասին, զորս կը զգամ:

Առաւել՝ ես կը սիրեմ ստեղծագործել ընդհանուր նիւթերու շուրջ: Կարեւոր է, որ երաժշտութիւնը մէջէս գայ», ըսած է ան՝ նշելով, որ իր երգերուն միջոցով Ցեղասպանութեան հարցը բարձրացնելու փորձերը եղած են արդիւնաւէտ, սակայն իրականութեան մէջ անոնք ոչ թէ ծրագիր պէտք է ըլլան, այլ հոգիի ճիչ:

Անդրադառնալով իր ստեղծագործական կեանքի ձեւաւորման սկիզբին՝ ան նշած է, որ իրականութեան մէջ իր ծնողները միշտ կը յորդորէին իրեն դաշնակ կամ կիթառ նուագել, սակայն ինքը չէր համաձայներ: «Ես միայն 20 տարեկանիս սկսայ նուագել եւ երգել, ու իմ ամէնօրեայ աշխատանքիս շնորհիւ է, որ յաջողութեան հասած եմ», ըսած է ան:

Անդրադառնալով իր երգերուն ու անոնց հետ միախառնուած գոյներուն՝ Սերժ Թանքեան նշած է, որ այն երգերը, որոնք կատարած է իբրեւ «System of a down» խումբի երգիչ, նմանցուցած է սեւ, կարմիր եւ մանիշակագոյն գոյներուն, իսկ ներկայի երգերը՝ նարնջագոյնի եւ կապոյտի: «Շատ առաջարկներ կը ստանամ, որ համերգներ ունենանամ «System of a down» խումբին հետ, սակայն տակաւին յստակ ծրագիրներ չկան», ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ ինք շատ լաւ յարաբերութիւններ ունի խումբի անդամներուն հետ:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement