«Արմաւիա»ն Եւ Կառավարութիւնը Կը Բանակցին՝ Երեւան-Հալէպ-Երեւան «Գրեթէ Անվճար» Թռիչքներու Շուրջ

By Asbarez | Thursday, 26 July 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «ԹերԹ».- «Արմաւիա» ընկերութիւնը յայտարարած է, թէ ընկերութիւնը պատրաստ է դէպի Սուրիա կատարած իր շաբաթական մէկ թռիչքը երկուքի վերածելու՝ աւելցնելով, որ անոնց տոմսերը գրեթէ անվճար պիտի ըլլան:

«Արմաւիա»ի մամլոյ ծառայութեան համաձայն, ներկայ դրութեամբ ընկերութիւնը պիտի բանակցի Հայաստանի կառավարութեան ու Սփիւռքի նախարարութեան հետ եւ համապատասխան աջակցութեան ապահովման պարագային, թռիչքները շուտով պիտի կրկնապատկուին եւ պիտի ըլլան գրեթէ անվճար։

Նշենք, որ վերջին շրջանին «Արմաւիա» ընկերութեան դէմ բողոքի ալիք մը ծագած էր, որովհետեւ ան այս տարուան Մարտին դադրեցուցած էր Երեւան-Հալէպ-Երեւան թռիչքները, իսկ երբ  Յուլիսի սկիզբը վերսկսաւ, տոմսերուն գիները կրկնապատկուած էին:

Ընկերութիւնը ներկայիս շաբաթը մէկ թռիչք կը կատարէ, մինչդեռ պահանջը շատ  աւելի մեծ է: Հալէպ-Երեւան-Հալէպ թռիչք կատարող «Սուրիական օդանաւային ընկերութիւն»ը արդէն իսկ վաճառած է իր բոլոր տոմսերը՝ մինչեւ Սեպտեմբեր։

Յիշեցնենք, որ 25 Յուլիսին քաղաքացիական նախաձեռնութիւններու խումբ մը գործիչներ այս առնչութեամբ բողոքի ցոյց կատարեցին Նալպանտեան փողոցին վրայ գտնուող «Արմաւիա» ընկերութեան կեդրոնական գրասենեակին առջեւ:

comments

Advertisement