Վարդան Օսկանեան Դիմած Է Վերաքննիչ Դատարան

By Asbarez | Monday, 30 July 2012

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի հիմնադիր եւ խորհրդարանի անդամ Վարդան Օսկանեան դիմած է վերաքննիչ դատարան՝ իբրեւ բողոք Երեւանի Կենտրոն եւ Նորք Մարաշ վարչական շրջանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին կողմէ 23 Յուլիսին տրուած որոշումին դէմ:

Այդ որոշումով դատարանը մերժած էր ընդառաջել Վարդան Օսկանեանի բողոքին, որով ան կը պահանջէր չեղեալ նկատել Հայաստանի կառավարութեան առընթեր ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ «Սիվիլիթաս»ի դէմ 25 Մայիս 2012ին քրէական գործ յարուցելու առնչուող որոշումը:

«Սիվիլիթաս»ի տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ Վարդան Օսկանեանի փաստաբանին՝ Տիգրան Աթանէսեանի համաձայն, բոլոր հիմքերը կան վերաքննիչ դատարան դիմելու։ «Դատարանը իր պատճառաբանութիւնների մէջ նշում է, որ Վարդան Օսկանեանի իրաւունքները չեն խախտուել, ինչը որեւէ կերպ չպատճառաբանուած եզրայանգում է: Միաժամանակ, դատարանը չի անդրադարձել եւ չի պատասխանել մեր բողոքի փաստարկներին», մեկնաբանած է Տիգրան Աթանէսեան:

«Սիվիլիթաս» հիմնադրամի տնօրէն Սալբի Ղազարեան Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ Գագիկ Խաչատրեանին հասցէագրուած նամակով հարց տուած էր, թէ ի՞նչ հանգամանքներու առնչուած է պետական պիւտճէի հետ «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի փոխյարաբերութեան ճշդութեան ստուգումներու կասեցումը: Սկզբունքով այդ ստուգումները նոյնիսկ երկարաձգուելէ ետք պիտի աւարտէին 3 Օգոստոս 2012ին, սակայն անոնք 23 Յուլիսին կասեցուեցան 30 օրուան համար։

comments