By Էյ.Փի.Էյ. | Monday, 23 August 2010
ՊԱՔՈՒ, <<Էյ.Փի.Էյ.>>.- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մեկնաբանած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի, Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու փեթերսպուրկեան հանդիպումի հիման վրայ բանակցութիւնները շարունակելու Հայաստանի պատրաստակամութեան մասին յայտարարութիւնը։
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Էլհան Փոլուխով յայտնած է, որ Ատրպէյճանի դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման վերաբերեալ կը մնայ անփոփոխ, եւ Հայաստանի հետ բանակցային հոլովոյթի նիւթ է ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի 3 համանախագահներուն պատրաստած փաստաթուղթը։ Ան աւելցուցած է, որ այդ փաստաթուղթը կողմերուն ներկայացուած է ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն Դեկտեմբեր 2009ին, Աթէնքի մէջ կայացած հանդիպումին իբրեւ արդիւնք։
Ըստ անոր, մնացեալը առաջարկներ ու աշխատանքային տարբերակներ են, բայց ոչ բանակցային հոլովոյթի փաստաթուղթ։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ