Լոնտոն 2012՝ Ձախողութիւն Կանանց Ծանրաբարձութեան Մէջ

By Asbarez | Wednesday, 01 August 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «ArmSport.am».- Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցող ողիմպիական խաղերուն ծիրին մէջ աւարտեցաւ ծանրաբարձութեան կիներու 69 քիլոկրամ ծանրութեան դասակարգի պայքարը:

Հայաստանը ներկայացնող Մելինէ Դալուզեանը, որ իբրեւ փորձ կատարուող 3 առիթներէն միայն մէկը օգտագործեց՝ բարձրացնելով 111 քիլոկրամ ծանրաձողը, առաջին փորձէն չկրցաւ բարձրացնել 140 քիլոկրամ: Երկրորդ փորձով եւս ան չկրցաւ բարձրացնել 140 քիլոկրամ ծանրութիւնը։

Այդպիսով, Հայաստանը ներկայացնող երկրորդ ծանրաբարձը եւս մեծ հիասթափութիւն պատճառեց հայ մարզասէրներուն:

Այս դասակարգին մէջ ոսկի մետալին արժանացաւ Հիւսիսային Քորիայի ներկայացուցիչ Եոնգ Սիմ Ռիմը՝ 261 քիլոկրամ արդիւնքով: Արծաթէ մետալը նուաճեց ռումանուհի Ռոքսանա Տանիէլա Քոքոսը՝ 256 քիլոկրամ արդիւնքով: Նոյն արդիւնքով պրոնզէ մետալը բաժին ինկաւ Մարինա Շքերմանքովային:

comments