Ռուսիոյ Նախագահը Այցելեց Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիր

By Արմէնփրէս | Monday, 23 August 2010

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>>.- Պետական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Ռուսիոյ նախագահ Տմիդրի Մետվետեւ Հինգշաբթի, Օգոստոս 19ին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի ուղեկցութեամբ, այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւէրժացնող Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր: Ան ծաղկեպսակ դրաւ յուշակոթողին, ծաղիկներ զետեղեց անմար կրակին մօտ՝ յարգելով Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը:

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան Ռուսիոյ նախագահին ներկայացուց Ծիծեռնակաբերդի յուշակոթողի կառուցման պատմութիւնը, Ապրիլի 24ի խորհուրդը եւ հետաքրքրական պատմութիւններ գրականութենէն, որոնք կ՛առնչուին հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն:

Մետվետեւ Յիշատակի ծառուղիին մէջ ջրեց 2008ի Հոկտեմբերին այցի ընթացքին իր տնկած եղեւնին:

Յայտնենք, թէ Ռուսիոյ խորհրդարանը 1995ի Ապրիլ 14ին՝ 1915-1922 թուականներու Ցեղասպանութիւն իրագործողները դատապարտող եւ Ապրիլ 24ը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր ճանչցող հռչակագիր մը վաւերացուցած էր:

Ռուսիոյ նախագահի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմեն արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, պաշտպանութեան նախարար Անատոլի Սերդիւկով եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:

<<Զուարթնոց>> միջազգային օդակայանին մէջ, Ռուսիոյ նախագահին եւ անոր կնկան դիմաւորեցին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ առաջին տիկինը:

comments