«Սիրիահայերը Հայաստանում Հաստատուել Չեն Ցանկանում». Սփիւռքի Նախարար

By Asbarez | Thursday, 02 August 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- 2 Օգոստոսին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան յայտնեց, որ սուրիահայերը ներկայիս չեն փափաքիր մնայուն կերպով Հայաստան հաստատուիլ։  Անոր համաձայն, Հայաստանի մէջ գաղթականի կարգավիճակ ստանալու համար ցարդ դիմում ներկայացուցած է 30 ընտանիք: Մօտ 800 ընտանիքներ նախորդ տարիներուն Հայայստանի մէջ բնակարաններ գնած էին եւ ներկայիս եկած հոն հաստատուած են։ Ան դիտել տուաւ, որ կառավարութիւնը պիտի օժանդակէ 300-400 սուրիահայ մանուկներու՝ ամառնային արձակուրդը Հայաստանի տարբեր վայրերու մէջ կայացող ծրագիրներուն մաս կազմելով անցընելու համար։  Ըստ Հ. Յակոբեանի, սուրիահայերուն մեծամասնութիւնը կը սպասէ, որ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը բարելաւուի, եւ իրենք հոն վերադառնան։

Սփիւռքի նախարարը հերքեց այն լուրերը, որոնց համաձայն, Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատունը փակուած է։

Նշենք, որ Հայաստանի կառավարութիւնը որոշում տուաւ սուրիահայերուն արտօնութիւն տալ՝ Հայաստանի անցագիր ստանալու երդման արարողութիւնը կատարել Սուրիոյ մէջ գտնուող դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն մէջ։

comments