Անգործութեան Համեմատութիւնը 8.3 Տոկոսի Կը Հասնի

By Asbarez | Friday, 03 August 2012

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը Ուրբաթ, Օգոստոս 3ին հաղորդեց, թէ Յուլիս ամսուան ընթացքին անգործութեան համեմատութիւնը 8.3 տոկոսի հասած է՝ Յունիս ամսուան 8.2 տոկոսին փոխարէն, հակառակ այն իրողութեան, որ տնտեսութիւնը կրցած է 163,000 նոր աշխատատեղի գոյացնել, ընդհանուր առմամբ՝ սեփական մարզին շնորհիւ:

Նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարեց, թէ հակառակ իւրաքանչիւր քայլափոխի հանրապետականներուն դրած խոչընդոտներուն, իր կառավարութեան որդեգրած քաղաքականութիւնը կը շարունակէ գործի նոր կարելիութիւններ ստեղծել, սակայն նախագահութեան հանրապետական թեկնածու Միթ Ռամնի յայտարարեց, թէ անընդունելի է, որ երկիրին մէջ անգործութեան համեմատութիւնը 42 յաջորդական ամիսներու ընթացքին 8 տոկոսէն բարձր մնայ:

Իր կարգին, Օպամա յիշեցուց, թէ վերջին 29 ամիսներուն ընթացքին տնտեսութիւնը կրցած է 4.5 միլիոն նոր աշխատատեղի գոյացնել:

comments

Advertisement