ՀՀ Եւ ԼՂՀ Նախարարները Այցելած Են Սահմանային Դիրքեր

By Asbarez | Monday, 06 August 2012

ԵՐԵՒԱՆ.- Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան նախանցեալ օր մեկնած է Հայաստանի զինուած ուժերու յառաջապահ ստորաբաժանումներու կողմէ պահպանութիւն իրականացնող հիւսիս արեւելեան հատուածի մարտական դիրքեր: Այս մասին տեղեկացուցած է պաշտպանութեան նախարարի բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան: Նախարարը ծանօթացած է մարտական հերթապահութիւն իրականացնող անձնակազմի պայմաններուն, շրջագայած է զօրամիաւորումներուն մէջ եւ հսկած իրականացուող շինարարական աշխատանքներուն, նաեւ՝ համապատասխան հրահանգներ տուած:

Յառաջապահ դիրքեր այցելած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար, հրամանատար, զօր. Մովսէս Յակոբեանը: Ան այցելած է պաշտպանութեան բանակի հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքեր: Ան մարտական հարցերու գծով տեղեկութիւններ ստացած է եւ համապատասխան հրահանգներ տուած։

comments

Advertisement