Ըստ Թուրք Դեսպանին՝ Փրոթոքոլի Օրակարգը Տակաւին Սեղանի Վրայ Է

By Asbarez | Wednesday, 01 September 2010

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ուաշինկթընի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Նամըք Թան, թրքական «Հապերլար» կայանի մէկ հաղորդումին համաձայն, յայտնած է, թէ Հայաստանի հետ ստորագրուած արձանագրութիւնները տակաւին սեղանի վրայ են եւ թէ Թուրքիան քայլերու կը ձեռնարկէ, որպէսզի Հայաստանի ղեկավարութեան վստահութիւնը շահի:

Ուաշինկթընի մէջ ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Նամըք Թան անդրադարձած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ, իր գնահատումով՝ հակաթրքական մթնոլորտին, եւ պնդած է, որ Թուրքիան ամէն ինչ կ՛ընէ փոխելու համար զայն:

Ըստ Նամըք Թանի, Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլն ու արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլուն յառաջիկային Նիւ Եորք պիտի ժամանեն՝ մասնակցելու համար ՄԱԿի համաժողովին, որուն նախագահութիւնը պիտի ստանձնէ Թուրքիան:

comments