By Asbarez | Tuesday, 14 August 2012
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Երեքշաբթի, Օգոստոս 14ին, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Սաֆար Ապիեւ խորհրդակցութիւններ ունեցած է Պաքու այցելող Օքլահոմա նահանգի կառավարիչի ռազմական հարցերու խորհրդական ու նահանգին մէջ հաստատուած զինուորական ուժերու հրամանատար զօր. Մայլզ Տիրինկի հետ, ու այնուհետեւ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է, թէ Հայաստան «աւելի քան 20 տարի է ի վեր բռնագրաւուած կը պահէ Ատրպէյճանի տարածքները եւ չի փափաքիր խաղաղօրէն վերադարձնել զանոնք: Այս պատճառով, Հայաստանն ամէն օր պատերազմի վերսկսելու հաւանականութիւնը կը դիմագրաւէ»:
Ըստ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ սպասարկութեան՝ Ապիեւ նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը լուծելու նպատակով ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի գործունէութիւնը ցարդ յատկանշական արդիւնք չէ տուած, ինչի հետեւանքով ալ Ատրպէյճան նոյնպէս կը գտնուի իր բանակը հզօրացնելու պարտադրանքին տակ, որպէսզի կարելի ըլլայ «բռնագրաւեալ տարածքները ազատագրել»:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ