Նախագահները Բաց Հարցերու Մասին Խօսած Են Հանդիպումին

By Asbarez | Sunday, 19 July 2009

ՄՈՍԿՈՒԱ.- Շաբաթ օր Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հանդիպումը Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ՝ Ռուսիոյ նախագահ Տիմիթրի Մետեվետեւի ներկայութեամբ:

Նախորդ օրուան Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպումը Հայաստանի կողմէ գնահատուած էր իբրեւ կառուցողական: Հանդիպումէն ետք հրապարակուած տեղեկագրութիւններուն համաձայն, այս գագաթնաժողովի արդիւնքը եղած է այն, որ երկու նախագահները յանձնարարած են իրենց արտաքին գործերու նախարարներուն, որ աշխատանքներ տանին նախապատրաստելու համար երկու նախագահներու յաջորդ հանդիպումը յառաջիկայ Հոկտեմբերին:

Եռակողմանի հանդիպումէն ետք Ռուսիոյ նախագահ օգնական Սերգէյ Փրիխոտքօ»Նովստի« լրատուական ծառայութեան յայտնած է, որ իր տեսակի մէջ ասիկա չորրորդ հանդիպումն էր, որ ի մի բերած է երեք նախագահները եւ որ նախագահ Մետվետեւ վերասհաստատած է իր պատրաստակամութիւնը իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահ շարունակելու ճիգ թափել փոխադարձաբար ընդունելու լուծում մը գտնելու ղարաբաղեան հակամարտութեան:

Փրոխոտքօ եռակողմանի այս հանդիպումը գնահատեց կառուցողական: Ըստ Ռուսիոյ նախագահի օգնականին, կողմերը այս հանդիպման ընթացքին խօսած են նախկին հանդիպումներու ընթացքին չքննարկուած հարցերու վերաբերեալ:

Այս երկօրեայ հանդիպումներու արդիւնքները հայկական, ատրպեճանական, ռուսական եւ միջազգային մամուլի աղբիւրներուն համաձայն եղած է այն, որ սախագահներ Սարգսեան եւ Ալիեւ համաձայնած են դարձեալ հանդիպիլ յառաջիկայ Հոկտեմբերին:

Նշենք, որ այս հանդիպումներու ընթացքին խօսք չէ եղած Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան բանակցութիւններու գործընթացին մէջ ներգրաւելու մասին:

Նաեւ նշենք, որ Մոսկուայի բանակցութեանց առաջին փուլին, Ուրբաթ օրուան երկկողմանի հանդիպումին մասնակցած Մինսկի խումբի համանախագահներու վկայութեամբ, այս հանդիպումին յառաջդիմութիւն չէ արձանագրուած բանակցութեանց մէջ, բայց նաեւ՝ նահանջ չէ արձանագրուած:

 

comments

Advertisement