By Asbarez | Thursday, 16 August 2012
ԹԻՖԼԻՍ, «Արմէնփրէս».- Թիֆլիսի թիւ 131 հայկական դպրոցը փակման եզրին կը գտնուի՝ աշակերտութեան թիւի նուազումին պատճառով: Օգոստոս 14ին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին, նոյն դպրոցի հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի Մանանա Կարապետեան ըսած է. «Ստեղծուած դրութիւնից երկու ելք կայ. երեխաները կա՛մ պէտք է գնան 104 դպրոց, որը բաւականին հեռու է, կա՛մ՝ վրացական դպրոց: Մեր դպրոցը գոյութիւն ունի արդէն քսան տարի. այս տարի մտել ենք փակուղի: Ես Հայաստան եմ եկել՝ յուսալով, որ խնդրին որեւէ լուծում կը տրուի»:
Ուսուցչուհիին խօսքով՝ ծնողները կը գերադասեն իրենց երեխաները ուղարկել վրացական դպրոց, որպէսզի անոնք «ապագայ» ունենան: Մ. Կարապետեան աշակերտներուն վրացերէնով արուեստի պատմութիւն դասաւանդած է, սակայն տեսած է, որ երեխաները այնքա՛ն ալ չեն կրնար իւրացնել ըսուածը:
«Ես Վրաստանին չեմ մեղադրում: Այդ երկիրն էլ իւրովի արդարացում ունի: Աշակերտների քանակը
չի բաւարարում դպրոցը պահելու եւ ուսուցիչներին աշխատավարձ վճարելու համար», յայտնած է Կարապետեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ