By Asbarez | Friday, 17 August 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան ու ՄԱԿի Բնակչութեան հիմնադրամի հայաստանեան գրասենեակի ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքներոն համաձայն, Հայաստան կը նկատուի ծերացող երկիր: Հայաստանը այդպէս կը նկատուի նաեւ միջազգային ժողովրդագրական չափանիշներով:
ՄԱԿի Բնակչութեան հիմնարկի հայաստանեան գրասենեակի գործադիր ներկայացուցիչ Գարիկ Հայրապետեան ըսած է, որ 2050 թուականին Հայաստանի բնակչութեան միջին տարիքը 50 տարեկան պիտի ըլլայ:
Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը մշակած է «Բնակչութեան ծերացման հետեւանքներից բխող հիմնախնդիրների լուծման ու տարեցների սոցիալական պաշտպանութեան ռազմավարութեան իրականացման 2012-2016 թուականների գործողութիւնների ծրագիր», որ արդէն կառավարութեան ներկայացուած է։
Գարիկ Հայրապետեանի համաձայն, նախարարութիւնը ծրագիրը մշակած ատեն հիմնուած է «Բնակչութեան ծերացման վերաբերեալ հետազօտութեան արդիւնքներու վերլուծութիւն» ուսումնասիրութեան վրայ:
Ըստ Հայրապետեանի, եթէ երկրի բնակչութեան տեսակարար կշիռին մէջ 65 եւ աւելի բարձր տարիք ունեցողները կը կազմեն մինչեւ 8 տոկոս, այն ատեն այդ երկիրը կը նկատուի երիտասարդ, 8-12 տոկոս՝ ծերացող, իսկ 12էն բարձր՝ ծերացած երկիր:
Ասիկա առնչուած է կարգ մը հանգամանքներու՝ կեանքի տեւողութեան բարձրացում, անկում ապրող ծնելիութիւն եւ վերելք ապրող գաղթականութեան հոսքեր: Ասոնցմէ լուծման կարիք ունին միայն վերջին երկուքը՝ գաղթականութեան հոսքերու կասեցումն ու ծնելիութեան աճին նպաստող պետական քայլերու մշակում: Իսկ այնքան ատեն որ կայ նաեւ երկարակեցութեան թիւի բարձրացում, ուրեմն պէտք է մշակել նաեւ ծերերու վերաբերող ծրագիրներ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ