Բակօ Սահակեան Համանախագահներուն Կոչ Ըրած Է Ատրպէյճանը Կառուցողական Դաշտ Բերելու

By Նիուզ | Monday, 13 September 2010

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Նիուզ>>.- ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Սեպտեմբեր 8ին ընդունած է նոյն օրը Ստեփանակերտ ժամանած ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Ռապըրթ Պրատթքին (ԱՄՆ), Իկոր Փոփովը (Ռուսիա) եւ Պեռնար Ֆասիէն (Ֆրանսա):

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է ատրպեճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման առնչուող հարցերու լայն շրջանակ մը:

ԼՂՀ նախագահի մամլոյ գրասենեակին փոխանցած տեղեկութեամբ, Բակօ Սահակեան համանախագահներուն կոչ ըրած է օգտագործելու իրենց ներուժը՝ Ատրպէյճանը կառուցողական դաշտ բերելու համար։

Կողմերը ընդգծած են նաեւ, որ արցախեան հիմնախնդիրը պէտք է կարգաւորուի ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրէն ներս, իսկ զայն այլ ատեաններ տեղափոխելու Ատրպէյճանին փորձերը չեն նպաստեր հակամարտութեան կարգաւորման:

Բակօ Սահակեան ընդգծած է նաեւ, որ Ատրպէյճանի կողմէ վերջերս կատարուած զինադադարի յաճախակի խախտումները մտահոգութիւններ կը յառաջացնեն՝ լուրջ վտանգ ներկայացնելով ինչպէս տարածաշրջանի կայունութեան եւ անվտանգութեան պահպանման, այնպէս ալ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղուած Մինսկի խումբի համանախագահներու ջանքերուն:

Նշենք, որ հանդիպման ներկայ էր Արցախի արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոսեանը, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքը:

comments

Advertisement