By Asbarez | Monday, 20 August 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Վերջին տասը տարիներուն ընթացքին զգալիօրէն աւելցած է Հայաստան ներածուող ինքնաշարժներուն քանակը՝ վեց անգամ աճ արձանագրելով: Հայաստանի կառավարութեան առընթեր պետական եկամուտներու կոմիտէէն փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, մինչ 2001ին Հայաստան ներածուած էր 5 հազար 817 ինքնաշարժ, որուն 3 հազար 437՝ Ռուսիոյ արտադրութիւն, 2011ին այդ թիւը հասած է 29 հազար 388ի: Ինքնաշարժներուն հարկատնային ընդհանուր արժէքը եղած է 32 միլիառ 211 միլիոն դրամ: Այս տարուան առաջին կիսամեակին ներածուած ինքնաշարժներէն 13 հազար 600ը մարդատար են, 340ը՝ տասը եւ աւելի մարդ տեղափոխելու համար, 1.2 հազարը՝ բեռնատար, 24ը՝ այլ գործածութեան յատուկ։
Հայաստան ներածուող ինքնաշարժներուն կարգին կան թանկարժէքներ։ Նախորդ տարի ներածուած ինքնաշարժներուն 15.953ը մինչեւ հինգ հազար տոլար արժողութեամբ են: Հայաստան ներածուած են նաեւ 1432 հատ 30 հազար տոլար եւ աւելի արժողութեամբ ինքնաշարժներ: Այս տարի ներածուած է մինչեւ հինգ հազար տոլար արժողութեամբ 3787 ինքնաշարժ, իսկ 30 հազար տոլար եւ աւելի արժողութեամբ՝ 567 ինքնաշարժ: Հայաստան մեծ թիւով ինքնաշարժներ ներածուած են Ռուսիայէն, Չինաստանէն, Քորէայէն, Միացեալ Թագաւորութենէն, Գանատայէն եւ շատ այլ երկիրներէն:
Ինքնաշարժներու թիւի անբնական աճին իբրեւ հետեւանք մայրաքաղաքի կեդրոնական փողոցները գերծանրաբեռնուած են։ Այս հարցին լուծում գտնելու նպատակով Երեւանի քաղաքապետարանը տարանցիկ ճանապարհներ պիտի կառուցէ: «Երեւանի կառուցապատման ներդրումային ծրագիրներու իրականացման գրասենեակ»ը Ասիական զարգացման դրամատան նիւթական ներդրումով կը գործադրէ Քաղաքային կայուն զարգացման ներդրումային ծրագիր: Ծրագիրին նպատակն է Արգաւանդի մայրուղիին Շիրակի փողոց տանող քաղաքային ճանապարհային հանգոյցի եւ Շիրակի փողոցէն ու Արշակունեաց պողոտայէն Արտաշատի խճուղի քաղաքային ճանապարհային հանգոյցին կառուցումը:
Ներկայիս ընթացքի մէջ է ճանապարհային հանգոյցներու մանրամասն ճարտարագիտական նախագիծերու պատրաստութեան եւ անոնցմով իրականացուելիք շինարարական աշխատանքներու վերահսկման համար յայտարարուած միջազգային բաց մրցումին արդիւնքներուն ամփոփումը, ինչպէս նաեւ յաղթող կազմակերպութեան հետ համաձայնագիրի կնքման գործընթացը: Շինարարական աշխատանքներու իրականացման նպատակով հետագային եւս միջազգային բաց մրցում պիտի յայտարարուի: Շինարարական աշխատանքներուն նախնական արժէքը 43 միլիոն տոլար է:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ