Ըստ Պաքուի՝ 30,000 Հայեր Կ՛ապրին Ատրպէյճանի Մէջ

By Էյ.Փի.Էյ. | Monday, 13 September 2010

ՊԱՔՈՒ, <<Էյ.Փի.Էյ.>>.- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլխան Փոլուխով Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8ին հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Պաքուն մերժած է Ատրպէյճանի մօտ իբրեւ Վրաստանի դեսպան Իրաքլի Քաւթարածէն նշանակելու Թիֆլիսի որոշումը, պարզապէս, որովհետեւ վերջինս հայկական ծագում ունի, եւ սոյն տեղեկութիւնը հայկական մամուլին կողմէ իրականութեան խեղադիւրում նկատեց:

Ան աւելցուց, թէ կառավարութեան տուեալներով, ներկայիս Ատրպէյճանի մէջ կ՛ապրին 30,000 հայեր, որոնք երկրին բոլոր քաղաքացիներուն հետ հաւասար իրաւունքներ կը վայելեն:

comments