«Պրիթիշ Էրուէյզ»ը Կը Դադրեցնէ Դէպի Հայաստան Իր Թռիչքները

By Asbarez | Monday, 20 August 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Բրիտանական օդանաւային ընկերութիւնը («Պրիթիշ Էրուէյզ») Հայաստանի մէջ իր գործունէութիւնը կը դադրեցնէ։

Այս մասին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին ուղղած հարցումին պատասխանելով՝ ընկերութեան լոնտոնեան գրասենեակէն փոխանցած են, որ ընկերութիւնը որոշած է Հոկտեմբեր 2012ին դադրեցնել իր ծառայութիւնները դէպի Երեւան՝ անոնց եկամտաբեր չըլլալուն պատճառով։

Վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին «Բրիտանական օդանաւային ընկերութեան» օդանաւերը Հայաստան չէին գար, անոնց փոխարէն դէպի Երեւան թռիչք կը կատարէին բրիտանական «Պի.Էմ.Այ.» ընկերութեան օդանաւերը: Վերջերս «Պի.Էմ. Այ.»ը վաճառուեցաւ «Բրիտանական օդանաւային ընկերութեան», որ որոշեց դէպի Երեւան թռիչքները կասեցնել, որովհետեւ անոնք շահաբեր չեն։

comments