Ղարաբաղի Խորհրդարանը Քննարկած Է Բանակցութեանց Գործընթացը

By Նիուզ | Monday, 13 September 2010

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Նիուզ>>.- Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովը Սեպտեմբեր 10ին գումարած իր նիստին ընթացքին քննարկած է <<Հարաւային Կովկասի ռազմաքաղաքական նոր իրողութիւնները եւ այդ համատեքստում ղարաբաղեան կարգաւորման շուրջ հնարաւոր զարգացումները>>:

<<Մտադիր ենք համատեղ ուժերով վերստին անդրադառնալ տարածաշրջանի առկայ իրողութիւններին՝ յստակեցնելու համար օրէնսդիր ու գործադիր իշխանութեան եւ երկրում գործող քաղաքական ուժերի պատկերացումներն ու տեսակէտները՝ ղարաբաղեան կարգաւորման հեռանկարների վերաբերեալ, ճշդելու մեր բոլորի առաջիկայ անելիքներն այդ ուղղութեամբ>>, նշած է յանձնաժողովի նախագահ Վահրամ Աթանէսեան։

Նիստի ընթացքին քաղաքական ուժերուն տեսակէտները ներկայացուցած են Ազատ Հայրենիք կուսակցութեան նախագահութեան անդամ, ԱԺ նախագահի տեղակալ Արթուր Թովմասեան, ՀՅԴ Արցախի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, ԼՂ Կոմունիստական կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի առաջին քարտուղար Հրանդ Մելքումեան, Արցախի Արմէնական կուսակցութեան նախագահ Բորիս Առուշանեան եւ Արցախի Ժողովրդավարական կուսակցութեան կողմէ պատգամաւոր Վահրամ Աթանէսեան: Ելոյթներով հանդէս եկած են պատգամաւորներ Վիտալի Բալասանեան եւ Սերգէյ Ղազարեան, քաղաքական վերլուծաբաններ Հրաչեայ Արզումանեան եւ Դաւիթ Բաբայեան, արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոսեան եւ պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան:

Բոլոր ելոյթներուն մէջ միասնական եղած է այն տեսակէտը, թէ ԼՂՀն՝ իբրեւ ղարաբաղա-ատրպեճանական հակամարտութեան իրական կողմ, անպայման պէտք է լիարժէք ու լիիրաւ մասնակից դառնայ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան հովանիին տակ ընթացող բանակցային գործընթացին, եւ որ, առանց հաշուի առնելու ժողովուրդին կամքն ու իշխանութիւններուն դիրքորոշումը, դժուար թէ հնարաւոր ըլլայ խնդիրի վերջնական եւ արդարացի հանգուցալուծման հասնիլը:

Ղարաբաղեան կարգաւորման ուղղութեամբ հնչած են նաեւ շարք մը առաջարկներ՝ երկրի օրէնսդիր ու գործադիր իշխանութիւններուն, ինչպէս նաեւ հասարակական-քաղաքական ուժերուն յառաջիկայ ընելիքներուն վերաբերող: Առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձուած է քարոզչական աշխատանքներու ընդլայնման եւ այդ ուղղութեամբ աղբիւրներու համադրման անհրաժեշտութեան:

comments