By Asbarez | Tuesday, 21 August 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Թեր».- Հայաստանի կառավարութիւնը կը քննէ որոշում մը՝ սուրիահայերը վարորդական իրաւունքի վկայականներու փոխանակման կարգէն բացառութիւն համարելու մասին, կը տեղեկացնէ «Փաստինֆօ» լրատուական գործակալութիւնը: Արդարեւ, կը նախատեսուի Սուրիոյ հայ քաղաքացիներուն վարորդական վկայականները փոխանակել, առանց որակաւորման քննութիւններ յանձնելու:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Ճանապարհային ոստիկանութեան ծառայութէան կողմէ մշակուած «Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան հայ քաղաքացիներուն վարորդական վկայականները փոխանակելու մասին» որոշումին նախագիծով կը նախատեսուի նաեւ, որ իրենց վարորդութեան վկայականները փոխանակելու համար, սուրիահայերը քննական մարմին պիտի ներկայացնեն անձնագիր, կամ անձը հաստատող այլ փաստաթուղթ, եւ վարորդական վկայականի համար օրէնքով սահմանուած պետական տուրքի վճարման անդորրագիր:
Այս նախագիծով կ՛առաջարկուի սոյն որոշումին գործադրութիւնը ի զօրու դարձնել մինչեւ ընթացիկ տարուան Դեկտեմբեր 31:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ