«Հարսնաքար»ի Գործով Մեղադրական Եզրակացութիւնը Դատախազութիւն Ուղարկուած Է

By Asbarez | Tuesday, 21 August 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «ԹերԹ».- Կազմուած եւ Հայաստանի գլխաւոր դատախազութիւն ուղարկուած է «Հարսնաքար» ճաշարանային համալիրի տարածքին Յունիս 17ին կատարուած բռնարարքի վեց մեղադրեալներուն վերաբերեալ մեղադրական եզրակացութիւնը: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Փաստինֆօ» գործակալութիւնը:

ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան կողմէ մեղադրական եզրակացութեան հաստատումէն ետք՝ գործը պիտի ուղարկուի դատարան: Միաժամանակ, այս հարցին հետ առնչուող այլ մեղաւորներ յայտնաբերելու համար, նշեալ գործէն անջատ այլ քննութիւն մը կը կատարուի ներկայիս:

Յիշեցնենք, որ Յունիս 17ի երեկոյեան, «Հարսնաքար»ի մէջ տեղի ունեցած էր ծեծկռտուք, որուն հետեւանքով մահացած էր Կեդրոնական դարմանատան զինուորական հիւանդանոցի աշխատակից, բժշկական ծառայութեան ղեկավար Վահէ Աւետեանը: Դէպքին հետեւանքով՝ տարբեր աստիճանի վնասուածքներ ստացած էին նաեւ նոյն հիւանդանոցի աշխատակից Արտակ Բայադեանը եւ ռազմական բժիշկ Գարիկ Սողոմոնեանը:

comments