Հայ Զինուոր Մը Եւս Ինքնասպանութիւն Կը Գործէ

By Նիուզ | Monday, 13 September 2010

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>>.- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան լրատուական ծառայութեան տուեալներով, ՀՀ Զինուած ուժերուն մէջ Սեպտեմբեր 8ին տեղի ունեցած է ինքնասպանութիւն մը։ Զինուորական ծառայող, կրտսեր տասնապետ Արթուր Յակոբեանը, իրային գոյքի պահեստանոցին մէջ ինքնիրեն սպաննած է հրազինային մահացու հարուածով։

Ըստ մամլոյ տեղեկութիւններուն, Արթուրը ինքնասպան եղած է պահակազօրի անդամներէն մէկուն զէնքով: Արթուր անկէ օգնութիւն խնդրած է արկղ մը տեղափոխելու համար: Վերջինս համաձայնած է եւ իր զէնքը յենցուցած պատին, որպէսզի օգնէ Արթուրին: Արթուրը շատ արագ վերցուցած է զէնքը, անմիջապէս կրակած ինքնիր վրայ ու անմիջապէս մահացած։

Ըստ տարածուած այլ վարկածի մը, Արթուր Յակոբեան ունեցած է ընտանեկան խնդիրներ, որոնք զինք մղած են նման քայլի: Նշենք, որ ան ամուսնացած էր եւ ունէր մէկ զաւակ:

comments