Ըստ «Ռոյթըրզ»ի Հայաստանի Դրամատուներու Միջոցով Իրան Կը Փորձէ Շրջանցել Պատժամիջոցները

By Asbarez | Tuesday, 21 August 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ», «Թերթ».– Միջազգային պատժամիջոցներու ճնշումին տակ գտնուող Իրան կը ձգտի ընդլայնել դրամատնային գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ:

Այս մասին ծաւալուն յօդուած մը հրապարակած է «Ռոյթըրզ» գործակալութիւնը՝ նշելով. «Իրան հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ դրացի Հայաստանի՝ 3.3 միլիոն բնակչութեամբ այդ լեռնային երկրին նկատմամբ, այնպիսի հանգրուանի, երբ արեւմտեան պետութիւնները եւ հետախուզական ծառայութիւնները կը զօրացնեն Թեհրանի շրջափակումը՝ փորձելով խեղդել երկրի միջուկային ծրագիրները:

«Այսպիսի դրացի մը՝ նախկին Խորհրդային միութենէն, որ առեւտրային կապերով առնչուած է Իրանի հետ եւ կ՛աշխատի սերտ կապեր ստեղծել Եւրոպական Միութեան հետ, կրնայ Թեհրանի համար դիւրացնել օտար յաճախորդներէն ստացուող եւ անոնց եղող վճարումները ծածուկ պահելու եւ Իրանի միջուկային ու հրթիռային ծրագիրները կանխել փորձող Արեւմտեան հետախուզական ծառայութիւնները խաբելու գործընթացը:

«Հայ պաշտօնեաները կը հերքեն Իրանի հետ ապօրինի դրամատնային յարաբերութիւններ ունենալու մասին տեղեկութիւնները:

«Հակառակ ատոր, ամերիկեան պաշտօնեաները պարբերաբար իրենց հայ գործընկերներուն կը սպառնան խստացնել ելեւմտական վերահսկողութիւնը», նշ-ուած է յօդուածին մէջ:

«Ռոյթըրզ»  նաեւ կը յիշեցնէ, որ կը կառուցուի Իրանէն Հայաստան կազատար մը, որուն շինարարութիւնը պէտք է աւարտի 2014ին, իսկ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատը յայտարարած էր, որ Իրանի եւ Հայաստանի տարեկան ապրանքաշրջանառութիւնը կը կազմէ 1 միլիառ տոլար:

Իրան կ՛օգտագործէ Իրաքի դրամատուները՝ մեծ գումարներ կանխիկ ընելու եւ միջազգային դրամատնային համակարգ մտցնելու համար: Ինչ կը վերաբերի Հայաստանին, Արեւմտեան հետախուզական զեկոյցին մէջ, իբրեւ Իրանի թիրախ կը նշուի հայկական ԱԿԲԱ Քրետիդ Ագրիկոլ դրամատան անունը:

Արեւմտեան դիւանագէտները կը հաստատեն, որ ԱԿԲԱ Իրանի հետ կապեր ունի:

Հայաստանի դրամատուներու միութեան ղեկավար Աշոտ Օսիպեան, սակայն ըսած է, թէ ԱԿԲԱ չի կրնար կապեր ունենալ ԱԿԲԱի հետ։

«Հայկական դրամատուները ֆինանսաւորում են միայն Հայաստանի տնտեսութեանը», ըսած է ան:

ԱԿԲԱՅի գլխաւոր գործադիր տնօրէն Ստեփան Գիշեան նոյնպէս հերքած է Իրանին օգնելու մասին լուրերը:

«Մենք ֆինանսաւորում ենք միայն Հայաստանի տնտեսութեանը: Մենք որեւէ յարաբերութիւն չունենք Իրանի հետ եւ երբեք չենք ունեցել: Ապագայում եւս չենք նախատեսում ֆինանսաւորել Իրանին: Այն, ինչ դուք ասում էք, ամբողջովին նոնսենս է»,  ըսած է Գիշեան:

Միւս կողմէ, Ուաշինկթըն վերջերս հայ պաշտօնատարներու հետ հանդիպումներուն ընթացքին բարձրաձայնած է իր մտահոգութիւնները այն մասին, որ Իրան կրնայ օգտագործելով Հայաստանը՝ շրջանցել պատժամիջոցները:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն, Յունիսին Երեւանի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին նոյնպէս խօսած է այս մասին:

Միւս դրամատունը, որ Արեւմուտքի ուշադրութեան կիզակէտը դարձած է, իրանական «Մելլա»չ դրամատան հայաստանեան մասնաճիւղն է: Միացեալ Նահանգներ «Մելլա»չի դէմ պատժամիջոցներ ի գործ կը դնէ 2007էն:

Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան ելեւմտական հետախուզութեան բաժինի ղեկավարի տեղակալ Առաքել Մելիքսեթեան՝ հիմնուելով դրամատուներու տարեկան զեկոյցներուն վրայ, ըսած է, որ այդ դրամատան հայաստանեան հաշիւները աւելի քան 50 տոկոսով նուազած են 2010 Դեկտեմբեր 31- 2011 Յուլիս 1 ժամանակաշրջանին:

«Մելլա»չը անջատուած է Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի եւ այլ ֆինանսական շուկաներէ եւ ըստ էութէան չի համագործակցիր հայկական այլ դրամատուներու հետ: «Մելլա»չի հայկական մասնաճիւղը այլեւս չի կրնար ստանալ կամ ուղարկել միջազգային փոխանցումներ:

Մելիքսեթեան ըսած է, որ դրամատան յաճախորդները ընդհանրապէս իրանցիներ են, որոնք Հայաստանի մէջ գործ ունին, հայեր, որոնք Իրան ապրանք կ՛արտածեն եւ իրանցի ու Իրանի հայ քաղաքացի ուսանողներ:

Այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակեց Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը։ Հոն կը նշուի, որ  Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գործող բոլոր դրամատուները՝ գտնուելով Կեդրոնական դրամատան վերահսկողութեան տակ, կը գործեն Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքներուն, Կեդրոնական դրամատան չափանիշներուն եւ դրամատուներու ներքին իրաւական սկզբունքներու ծիրին մէջ։

Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատունը առաջին հերթին կը պարտադրէ դրամատուներուն եւ այլ ֆինանսական կազմակերպութիւններուն բոլոր գործարքներու մանրամասն ուսումնասիրութիւն կատարել՝ թոյլ չտալու համար միջազգային հանրութեան կողմէ ընդունելի չնկատուող գործառնութիւններու ներգրաւումը:

Հայաստանի մէջ գործող դրամատուները չունին թղթակցային յարաբերութիւններ Իրանի մէջ արձանագրուած դրամատուներու կամ նիւթական հարցերով զբաղող կազմակերպութիւններու հետ:

comments