Համա-ՀՄԸՄական Խմբապետական 6րդ Համագումարը Կը Սկսի Իր Աշխատանքներուն

By Asbarez | Tuesday, 21 August 2012

ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ Սկաուտական Կեդրոնական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Երկուշաբթի, 20 Օգոստոս 2012ին, Հայաստանի մէջ սկիզբ առաւ Համա-ՀՄԸՄական խմբապետական 6րդ համագումարը, մասնակցութեամբ ՀՄԸՄի կազմակերպական 16 շրջաններու, Իրանի «Արարատ», «Սիփան» եւ «Նայիրի» միութիւններու բարձրաստիճան 28 խմբապետ-խմբապետուհիներու, Սկաուտական Կեդրոնական յանձնախումբի 8 քոյրեր-եղբայրներու եւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Կարպիս Գապասագալեանի ու Բագրատ Եսայեանի։

Համագումարին մասնակցող շրջաններու եւ Մեկուսի շրջաններու բարձրաստիճան խմբապետ-խմբապետուհիները, Կեդրոնական վարչութեան գլխաւորութեամբ եւ Սկաուտական Կեդրոնական յանձնախումբի անդամներուն ընկերակցութեամբ, այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ, ուր Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Կարպիս Գապասագալեան, յանուն ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին՝ զետեղեց ծաղկեպսակ մը։ Ապա, ներկաները անմառ կրակին շուրջ երկիւղածութեամբ տեղադրեցին մեխակներ: Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչը խօսք առնելով՝ ներկաները հրաւիրեց երեք վայրկեան լռութեամբ յարգելու Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը, միաժամանակ մտային խորհրդածութեամբ, հաւատքով ու գիտակցութեամբ զինուելու եւ ազգային ինքնուրոյն դիմագիծի պահպանման պայքարը եւ Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը անվհատ կամքով շարունակելու։

ՀՄԸՄի քայլերգ «Յառաջ Նահատակ»ի խմբերգումէն ետք՝ համագումարին մասնակիցները բարձրացան Ծաղկաձոր:

Յետմիջօրէի ժամը 4ին, Ծաղկաձորի «Կեչառիս» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Համա-ՀՄԸՄական Խմբապետական 6րդ համագումարի պաշտօնական բացումը, ուր Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչը պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց համագումարին աշխատանքները։ Ան հակիրճ ակնարկ մը կատարեց նախորդ հինգ համագումարներու առաջադրանքներուն վրայ, ապա կանգ առաւ 6րդ համագումարի աշխատանքներուն վրայ, անդրադարձաւ մասնակցողներու երիտասարդ ու կորովի ըլլալու իրողութեան, զիրենք հրաւիրեց գիտակից յանձնառութեամբ եւ գործօն դերակատարութեամբ հետեւելու համագումարի աշխատանքներուն՝ յիշեցնելով, որ իւրաքանչիւրը իր շրջանին մէջ ստանձնած է բազմահարիւր պատանիներու եւ երիտասարդներու դաստիարակութեան պատասխանատուութիւնը։ Ան շեշտեց, որ իւրաքանչիւրէն կ՛ակնկալուի յաւելեալ յանձնառութիւն ներկայ մարտահրաւէրներուն դիմաց:

Համագումարը հինգ օրերու ընթացքին վերատեսութեան պիտի ենթարկէ սկաուտական բոլոր կարգերու գիտելիքները ու անոնց գործադրութեան եղանակը, պիտի մշակէ դաստիարակչական ծրագիրներ՝ անոնց տալով նոր երանգ ու ոճ, պիտի զբաղի Շրջաններու խմբապետներու վերաորակաւորման ծրագիրներով՝ մնայուն մարդուժ պատրաստելու առաջադրանքով, պիտի պատրաստէ նաեւ 10րդ ընդհանուր բանակումի նախածրագիրը։ Համագումարը յատուկ օրակարգով կանգ պիտի առնէ Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի ձեռնարկներուն ՀՄԸՄի սկաուտութեան ունենալիք ներդրումին, ինչպէս նաեւ պիտի անդրադառնայ  այժմէական հրատապ այլ հարցերու։

comments