Բարգաւաճ Հայաստան-ը Դէմ Կը Քուէարկէ ԼՂՀ Օրինագիծին

By ՓանԱրմինիըն | Monday, 20 September 2010

ԵՐԵՒԱՆ, <<ՓանԱրմինիըն>>.- Սեպտեմբեր 16ին կայացած հանդիպման մը ընթացքին, <<Բարգաւաճ Հայաստան>> խմբակցութեան քարտուղար Արամ Սաֆարեան յայտարարած է, թէ խմբակցութիւնը դէմ չէ Հայաստանի կողմէ ԼՂՀ անկախութեան ճանաչման, սակայն դէմ պիտի քուէարկէ ԼՂՀ անկախութեան ճանաչման մասին Ժառանգութիւն խմբակցութեան ներկայացուցած օրինագծին:

<<ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահ երկրները յայտարարել են, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումն ընթանալու է միայն ԵԱՀԿ ՄԽ ձեւաչափում, այսինքն, եթէ մենք այժմ ճանաչենք ԼՂՀ անկախութիւնը, դա դուրս կը լինի բանակցային գործընթացի տրամաբանութիւնից եւ էապէս կը բարդացնի ՄԽ աշխատանքը: Ճիշդ է, եթէ ինչ որ պատճառներով Մինսկի գործընթացը փակուղի մտնի, ապա մենք չենք բացառում օրինագծի ընդունումը>>, ըսած է Սաֆարեան ու նշած, որ ինքը՝ անձամբ, դէմ չէ այդ օրինագիծին: <<Սակայն այս պահի դրութեամբ օրինագծի արտահերթ քննարկումը նպատակայարմար չէ: Կարելի է այն թողնել ԱԺ մեծ օրակարգում, յետոյ վերադառնալ քննարկման>>, ըսած է ան:

comments