Հնդկաստանի Կառավարութիւնը Նորոգած Է Արծնիի Դպրոցը

By Asbarez | Monday, 20 September 2010

ԼՈՌԻ.- <<Հայաստան>> համահայկական հիմնադրամին փոխանցած տեղեկութիւններով, Սեպտեմբեր 15ին պաշտօնապէս բացուած է Լոռիի մարզի Արծնի համայնքին դպրոցը, որ հիմնանորոգուած է Հնդկաստանի կառավարութեան նիւթական աջակցութեամբ: Շուրջ 80 միլիոն դրամի չափով դրամաշնորհը՝ Հնդկաստանի կառավարութիւնը տրամադրած է <<Հայաստան>> հիմնադրամին՝ բարեկամ երկիրներու ցուցաբերուող <<Աջակցութեան ու զարգացման ծրագիր>>ի ծիրէն ներս:

Նշենք, որ համայնքին մէջ կը սպասուին այլ փոփոխութիւններ եւս. շուտով շահագործման կը յանձնուի հիմնադրամին կառուցած համայնքային կեդրոնը եւ արդէն իսկ ընթացքի մէջ է խմելու ջուրի ծրագիրը:

Համայնքի ղեկավար Խենկօ Խաչանէսեան յայտնած է, թէ համայնքի բնակչութիւնը նախապէս շատ աւելի մեծ էր, եւ այսօրուան 49ին փոխարէն՝ գիւղի դպրոց կը յաճախէր շուրջ 300 աշակերտ:

comments