Պատարագ Ծիծեռնակաբերդի Մէջ՝ Բողոքելու Համար Աղթամարի Թրքական Ցուցադրութեան Դէմ

By ՓանԱրմինիըն | Monday, 20 September 2010

ԵՐԵՒԱՆ, <<ՓանԱրմինիըն>>.- Նախաձեռնութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին, Սեպտեմբեր 19ին Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրին մօտ պիտի մատուցուի պատարագ եւ պիտի կայանայ բողոքի հանրահաւաք՝ ընդդէմ Վանի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ տաճարին շուրջ թրքական կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուող քարոզչական գործողութիւններուն:

Յիշեցնենք, որ Սեպտեմբեր 19ին, Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցիին մէջ՝ վերջին 95 տարուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով պատարագ պիտի մատուցուի: Հակառակ իր խոստումներուն, թրքական կառավարութիւնը թոյլ չէ տուած եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ խաչ տեղադրել, ուստի, պատարագին մասնակցելու քայլէն հրաժարած են Էջմիածինը եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը ու Սփիւռքի բազմաթիւ կազմակերպութիւններ:

comments