Սարգսեանի Բնութագրումով՝ Հիմնականը ԼՂի Հարցն Է

By Asbarez | Monday, 20 July 2009

ԵՐԵՒԱՆ.- Մոսկուայէն նոր վերադարձած Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Երկուշաբթի օր իր նստավայրին մէջ ընդունած է Եւրոպայի միութեան ղեկավար եռաեակը՝ Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Քարլ Փիլթի գլխաւորութեամբ:

Այս հանդիպման ընթացքին, նախագահ Սարգսեան, անդրադառնալով Մոսկուայի մէջ իր ունեցած բանակցութեանց՝ յայտնեց. «Թէեւ դժուարութեամբ, բայց (բանակցութեանց մէջ) առաջընթաց կայ: Գիտէք, որ հիմա մենք քննարկում ենք մադրիդեան սկզբունքներից առանձնացուած հիմնական սկզբունքները, այնուհետեւ պէտք է քննարկենք մնացած սկզբունքները, որից յետոյ դրանց հիման վրայ սկսենք հիմնական պայմանագրի մշակումը: Կարծում եմ, արդէն բոլորի համար պէտք է պարզ դառնայ, որ հիմնականը Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի խնդիրն է, որը պէտք է որոշուի ազատ արտայայտութեամբ եւ ունենայ պարտադիր իրաւական ուժ:

Երբ այս խնդրին մենք կարողանանք պատշաճ ձեւակերպում տալ, որը որեւէ երկմտանք չի առաջացնի, այնուհետեւ, կարծում եմ, բանակցութիւնները շատ աւելի հարթ կը շարունակուեն»:

Նախագահը նշեց, որ Մոսկուայի մէջ այս անգամ Ղարաբաղի հարցի քննարկում «մի փոքր» այլ պայմաններու տակ եղած է, որովհետեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները արդէն հանրութեան տեղեակ պահած էին, թէ ի՛նչ սկզբունքներու շուրջ պիտի ընթանան բանակցութիւնները:

Ըստ նախագահ Սարգսեանի, այս փաստը կարելի է «օժանդակութիւն համարել», որովհետեւ՝ «Ցաւօք, միշտ չէ, որ կողմերը հանրութեանը ներկայացնում էին այն հարցերը, որոնց մասին խօսւում էր բանակցութիւնների ընթացքում: Չնայած այս հանգամանքին, մոսկովեան քննարկումներից յետոյ եւս մեր հարեւան Ատրպէյճանում այլ կերպ են փորձում ներկայացնել բանակցութիւնների օրակարգը եւ իմաստը»:

Ողջունելով Եւրոմիութեան եռեակի այցը Հայաստանի հանրապետութիւն՝ Նախագահ Սարգսեան յայտնեց, որ Հայաստանը անկախութենէն ի վեր միշտ կարեւոր նկատած է Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւնները:

Կողմերը հանգամանալի քննարկած են տարածաշրջանային համագործակցութեան խնդիրները՝ մասնաւորապէս Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ հարցերը:

Շուէդիոյ արտաքին գործերու նախարար Կարլ Պիլթտ ընդգծած է այն կարեւորութիւնը, որ Եւրոմիութիւնը կու տայ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրէն ներս Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացին:

Նշենք, որ Երկուշաբթի օր, Յուլիս 20ին, Եւրոպական Միութեան Եռեակի պատուիրակութիւնը հանդիպեցաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ:

Նշենք նաեւ, որ նախքան Երեւան ժամանելը, Եւրոմիութեան պատուիրակութիւնը եղած էր Պաքու, ուր հանդիպած էր Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հետ:

comments

Advertisement