«Հարսնաքար»ի Նախաքննութիւնը Ընթացած Է Բազմաթիւ Խախտումներով

By Asbarez | Monday, 27 August 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- «Հարսնաքար» ճաշարանային համալիրին մէջ տեղի ունեցած ողբերգական միջադէպին առնչութեամբ յարուցուած քրէական գործի նախաքննութիւնը ընթացած է քրէական բազմաթիւ եւ կոպիտ խախտումներով: Այս մասին Երկուշաբթի օր լրագրողներու հետ կայացած ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց սպաննուած բժիշկ Վահէ Աւետեանի փաստաբան Տիգրան Եգորեանը, որ վստահեցուց, թէ Ռուբէն Հայրապետեանը պէ՛տք է քրէական գործին մէջ ընդգրկուի իբրեւ կասկածեալ: Մինչ այդ, այս եւ 20է աւելի նման միջնորդութիւններ, ըստ փաստաբանին՝ անհիմն ձեւով մերժուած են դատախազութեան կողմէ:

«Քրէական գործի նիւթերում առկայ են փաստեր, որոնք ցոյց են տալիս, թէ վեց մեղադրեալներից հինգը, բացի մատուցողից, այդ օրն ուղեկցել են Ռուբէն Հայրապետեանին, Երեւանից Սեւան գնալու եւ վերադառնալու ճանապարհին: Սա ապացուցում է, որ հակառակ գործում առկայ կեղծ պայմանագրերի եւ ՀՀ Ոստիկանութեան յատուկ կարեւորութեան գործերի քննչական վարչութեան պետ Վահագն Յարութիւնեանի պնդումներին՝ այս մարդիկ եղել են Ռուբէն Հայրապետեանի անձնական թիկնազօրի անդամները: Ուստի, այս կապակցութեամբ քննչական խմբին միջնորդել էինք՝ որպէս կասկածեալ ներգրաւել Ռուբէն Հայրապետեանին եւ պատշաճ հարցաքննութեան ենթարկել նրան, քանի որ նրա եւ քննիչ Մկրտչեանի հարցաքննութիւնը, աւելի շատ մտերմիկ զրոյց է յիշեցնում», ըսաւ Տիգրան Եգորեան եւ աւելցուց, թէ ի պատասխան իրենց միջնորդութեան՝ քննիչը նշած է, որ Օրէնսգիրքով՝ «որպէս կասկածեալ ներգրաւել»ու հասկացողութիւն չի նախատեսուիր:

Փաստաբան Լուսինէ Յակոբեան իր կարգին աւելցուց, թէ Ռուբէն Հայրապետեանի եւ թիկնապահ Նորայր Հայրապետեանի միջեւ եղած են հեռախօսային զրոյցներ, որոնց վերծանումը թերի կերպով կատարուած է:

Փաստաբան Տիգրան Եգորեան նշեց նաեւ, որ դիակի դատաբժշկական փորձաքննութեան եզրակացութիւնը սխալ է. արդարեւ, «Երեւում է, որ տրուել է ակնյայտ սխալ հետեւութիւն, թէ՝ Վահէ Աւետեանը ստացել է ծանր մարմնական վնասուածք, որը վտանգ է ներկայացրել նրա կեանքի համար, տուեալ դէպքում՝ յանգեցրել է մահուան», ըսուած է եզրակացութեան մէջ: Եգորեան աւելցուց, որ չհամաձայնելով այս եզրակացութեան՝ իրենք նախաքննութիւն իրականացնող մարմինէն պահանջած են կրկնակի փորձաքննութիւն կատարել, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ գնահատել, որ «տուեալ դէպքում՝ գործ ունեն մահուան յանգեցրած վնասուածքների՞, թէ ամէն դէպքում կեանքի հետ անհամատեղելի վնասուածքների հետ»:

Ասուլիսի աւարտին փաստաբանները նշեցին, թէ ՀՀ իրաւապահ մարմիններու դատախազութեան եւ Ոստիկանութեան կողմէ իրականութիւնները քօղարկելու ակնյայտ միտում տեսնելով՝ իրենք կը զգուշացնեն, թէ մինչեւ վերջ պիտի պայքարին՝ գործը բացայայտելու համար:

comments

Advertisement