By Asbarez | Sunday, 26 September 2010
ՄԱԿ.- Ատրպեճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի 65րդ նստաշրջանին առջեւ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 23ին յայտարարած է, թէ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը մեծ սպառնալիք կը ներկայացնէ միջազգային եւ տարածաշրջանային ապահովութեան։
«Միջազգային հանրութիւնը ընդունած է, որ Հայաստանը պատասխանատուութիւն կը կրէ՝ Ատրպէյճանի տարածքներու բռնագրաւման, հակամարտութեան ընթացքին տեղի ունեցած ծանր յանցագործութիւններուն եւ ատրպեճանական բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ ցեղային մաքրագործում գործադրելուն համար», ըսած է ան։
Ատրպէյճանի նախագահը, հայկական կողմը ղարաբաղեան հակամարտութիւնը սրելու յանցանքով մեղադրելէ ետք, յայտարարած է, թէ Հայաստան նախապատուութիւն կու տայ կացութիւնը աւելի եւս սրելու ընտրանքին, հակառակ այն իրողութեան, որ այդ մէկը «անկանխատեսելի հետեւանքներ»ու կրնայ առաջնորդել:
«Հակառակ այն իրողութեան, որ հակամարտութեան արագ կարգաւորման ուղղուած քաղաքական ջանքերը կը շարունակուին, Ատրպէյճանի բռնագրաւուած շրջաններուն մէջ իրականացող գործունէութիւնը կոպիտ կերպով կը հակասէ միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն», ըսած է Ալիեւը։
Ատրպէյճանի նախագահը յայտարարած է նաեւ, որ Հայաստանը «կ՛աջակցի բռնագրաւուած տարածքներու անօրինական բնակեցման, ինչպէս նաեւ միջոցներու կը ձեռնարկէ այդ տարածքներուն մէջ ատրպեճանական մշակութային եւ պատմական հետքն ու արմատները ոչնչացնելու համար»։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ