Հայաստան Քայլեր Կ՛առնէ՝ Ի Պատասխան Սաֆարովի Ազատ Արձակման

By Asbarez | Friday, 31 August 2012

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի նախագահը Ուրբաթ, Օգոստոս 31ին ՀՀ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստ մը հրաւիրեց, որուն ընթացքին քննուեցան ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովի ազատ արձակման լոյսին տակ՝ Հայաստանի կատարելիք հակազդող քայլերը:

Իբրեւ առաջին քայլ՝ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարին եւ ՀՀ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետին կողմէ բարձրացուած է հայկական զօրքերու զգօնութեան մակարդակը:

Երկրորդ՝ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետ Գորիկ Յակոբեանին տրուած է յատուկ յանձնարարութիւն:

Երրորդ՝ պիտի հրաւիրուի Ազգային ժողովի յատուկ նիստ մը՝ քննելու համար սոյն հարցը:

Որոշուած է նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու ղեկավարներուն բողոքի նամակներ ուղղել: Համապատասխան ցուցմունքներ պիտի տրուին նաեւ Հայաստանի դիւանագիտական բոլոր կառոյցներուն:

Նաեւ, նախագահը անձամբ կապուած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան եւ Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան ղեկավարներուն հետ: Նախագահ Սարգսեան արտայայտած է իր համոզումը այն մասին, որ սփիւռքահայութիւնը նոյնպէս պէ՛տք է գնահատական տայ կատարուածին, իսկ Հունգարիոյ իշխանութիւնները պէ՛տք է գիտակցին, թէ կոպիտ սխալ մը գործած են: Հայութիւնը պէտք է համապատասխան կերպով արձագանգէ այդ պատահածին:

comments