By Asbarez | Friday, 31 August 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 21րդ տարեդարձին նուիրուած հանդիսաւոր արարողութիւններուն մասնակցելու նպատակով 1 Սեպտեմբերին Ստեփանակերտ կը մեկնի Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական պատուիրակութիւնը՝ Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ:
Ազգային ժողովի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն փոխանցուած լուրերուն համաձայն, պաշտօնական պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Հայաստանի փոխվարչապետ Արմէն Գէորգեանը, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովը, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը, պատգամաւորներ Գալուստ Սահակեանը, Ռուբէն Յակոբեանը, Վարդան Այվազեանը, Արտակ Զաքարեանը, Կորիւն Նահապետեանը, Էլինար Վարդանեանը, Մարգարիտ Եսայեանը, Նայիրա Կարապետեանը, Արթուր Գէորգեանը, Միքայէլ Մելքումեանը, Վահան Յովհաննիսեանը, Աղուան Վարդանեանը, Յովհաննէս Մարգարեանը, գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգէյ Կարապետեանը, Գեղարքունիքի մարզպետ Ռաֆիկ Գրիգորեանը, Սիւնիքի մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեանը եւ պաշտօնական այլ անձնաւորութիւններ։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ