Քոսովօ Կը Խնդրէ Հայաստանէն Ճանչնալ Իր Անկախութիւնը

By Asbarez | Sunday, 26 September 2010

ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- «Ազատութիւն» ռատիօկայանի Քոսովոյի ծառայութիւնը հաղորդած է, որ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿի ժողովներուն մասնակցելու նպատակով այդտեղ գտնուող Հայաստանի եւ Քոսովոյի արտաքին գործոց նախարարները հանդիպում ունեցած են: Քոսովոյի նախարար Իսկենտէր Հուսէյնի խնդրած է նախարար Էդուարդ Նալբանդեանէն, որ Հայաստանը ճանչնայ Քոսովոյի անկախութիւնը:

Սոյն հանդիպման ընթացքին Քոսովոյի նախարարը կեդրոնացած է իր երկրին համար շատ կարեւոր երկու խնդիրներու վրայ: Ան մատնանշած է, որ Արդարադատութեան միջազգային դատարանը յստակօրէն արտայայտուած է Քոսովոյի անկախութեան հռչակման օգտին, իսկ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովը դատարանին սոյն որոշումը ողջունող բանաձեւ մը ընդունած է:

Հուսէյնի աւելցուցած է, թէ «Այս զարգացումները վերջապէս հնարաւորութիւն ստեղծած են, որպէսզի որեւէ պետութիւն որեւէ պատճառ չունենայ յետաձգելու նոր երկրին պաշտօնական ճանաչումը»:

Նալբանդեան, իր կարգին, Հուսէյնիի փոխանցած է, թէ Հայաստան կ՛ողջունէ Արդարադատութեան միջազգային դատարանին խորհրդատուական որոշումը, եւ թէ Հայաստան Քոսովոյի հետ կը շարունակէ զարգացնել իր շփումներն ու հանդիպումները:

Նալբանդեան նաեւ յայտնած է, որ թէեւ Հայաստանը պաշտօնապէս չէ ճանչցած Քոսովոյի անկախութիւնը, սակայն նման կարգի հանդիպումներ օգտակար են միտքերու փոխանակման համար: Նալբանդեանի խօսքերով, «2010 թուականի Յուլիսին, Քոսովոյի վերաբերեալ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի խորհրդատուական կարծիքի հրապարակումով վերահաստատուեց այն իրողութիւնը, որ միջազգային իրաւունքի ամենահիմնարար սկզբունքներից մէկը՝ ժողովուրդների ինքնորոշման իրաւունքը, չի կարող ստորադասուել որեւէ այլ սկզբունքի»:

Քոսովոյի յառաջիկայ ամենահիմնական խնդիրը ՄԱԿի անդամ դառնալն է, որուն համար ալ անհրաժեշտ է, որ ՄԱԿի անդամ 192 երկիրներէն երկու երրորդէն աւելին ճանչնայ Քոսովոյի անկախութիւնը:

 

comments

Advertisement