By Asbarez | Tuesday, 04 September 2012
ԵՐԵՒԱՆ.- «Մարդիկ» լրատուական ծառայութիւնը Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեանէն հարց տուած է, թէ ինք «հաւանակա՞ն է համարում Հունգարիայի կողմից ԼՂՀի ճանաչումը, եւ արդեօք ճի՞շդ պահն է, որպէսզի Հայաստանը բարձրացնի այդ հարցը»:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան պատասխանած է. «Հայաստանը միշտ էլ պէտք է ԼՂՀ ճանաչման խնդիրը բարձրացրած պահի, ոչ թէ հիմա բարձրացնի: Կ’անի դա Հունգարիան այս պահին, թէ ոչ, դժուար է պատասխանել, բայց որ Հայաստանը հիմա պէտք է այդ պահանջը ներկայացնի ամբողջ աշխարհին, ոչ միայն Հունգարիային, դա ակնյայտ է»:
Նշենք, որ երէկ, Սեպտեմբեր 4ին, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան քարտուղար Զարուհի Փոստանջեան Ազգային Ժողովին մէջ շրջանառութեան մէջ դրած է «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ճանաչելու մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի նախագիծ մը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ